Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Հետաքննելու Նախագահ Պայտընի Կողմէ Արցախին Օժանդակութիւն Չտրամադրելու Հարցը

August 24, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Քոնկրեսին կոչ ուղղած է հետաքննելու նախագահ Պայտընի կողմէ Արցախին օժանդակութիւն չտրամադրելու հարցը:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` կոչ ուղղելով հետաքննութիւն կատարելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելու վերաբերեալ, քանի որ վերջինս կ՛ենթարկուի նախայարձակումի եւ ցեղային զտումներու, ինչպէս նաեւ ունի սնունդի, ջուրի, վառելիքի ու կենսապահովման համար անհրաժեշտ այլ միջոցներու պակաս:

Յղում կատարելով «Արցախի հայերը սովամահ տեսնելու Ազրպէյճանի կառավարութեան մտադրութեան»` Համբարեան ընդգծած է` «ամերիկեան վարչակազմը Արցախի մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն գրեթէ չէ ուղարկած»: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը նաեւ նկատած է, թէ «Ամերիկան պէտք չէ մեղսակից ըլլայ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումին»:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրութեամբ ամերիկացի օրէնսդիրներէն կը պահանջուի, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Միջազգային զարգացման ամերիկեան գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըրի միջոցով, Պայտընի վարչակազմէն ստանալ հետեւեալ չորս հարցումներուն պատասխանները.

Ի՞նչ յստակ գործողութիւններու ձեռնարկած է Պայտընի վարչակազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն օգնելու համար (ծրագիրներու տրամադրում, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ եւ համապատասխան այլ տեղեկատուութիւն):

Ի՞նչ յստակ ծրագիրներ ունի Պայտընի վարչակազմը` օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն (ծրագիրներ, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ եւ համապատասխան այլ տեղեկատուութիւն):

Արդեօք Պայտընի վարչակազմը իրականացուցա՞ծ է մարդասիրական ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան կարիքներու գնահատում:

Պայտընի վարչակազմը պիւտճէի ի՞նչ ծաւալ  կը նկատէ բաւարար եւ նպատակայարմար Արցախի հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդասիրական ճգնաժամը լուծելու համար:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համակիրները, օգտագործելով յանձնախումբի համացանցային կայքի կարելիութիւնները, տասնեակ հազարաւոր նամակներ ուղարկած են իրենց շրջաններու օրէնսդիրներուն` պահանջելով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Հայաստանը Մեղադրած Է Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ «Անկեղծ» Չըլլալու Յանցանքով

Յաջորդը

Սաղաթէլեան. «Որեւէ Ուժ, Եթէ Ազնիւ, Արդար Պայքար Սկսի Այս Իշխանութեան Դէմ, Պիտի Աջակցինք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.