Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու Հայաստանը Մեղադրած Է Կարգաւորման Հոլովոյթին Մէջ «Անկեղծ» Չըլլալու Յանցանքով

August 24, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան բանալին է: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

Ան ուշադրութեան հրաւիրած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն: «Յատուկ ներկայացուցիչները չորս զրոյց ունեցած են: Խօսքը կապերու աստիճանական կարգաւորման մասին է: Ազրպէյճանի յաղթանակէն ետք Թուրքիան հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան օգտին: Այս ուղղութեամբ քայլերը կը շարունակուին: Խօսքը Հայաստանի հետ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման մասին է եւ այլն: Առեւտուրի ոլորտին մէջ որոշակի ջանքեր գործադրուած են», ըսած է թուրք նախարարը:

Ան միեւնոյն ժամանակ, ենթակայական կոչած է Անգարայի եւ Երեւանի երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութիւններէն մեկուսացուած ընկալելու փորձերը:

«Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան բանալին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարողունակ խաղաղութեան համաձայնագիրն է: Պաքուն յայտարարած է իր նախաձեռնութիւններուն մասին, որոնց Երեւանը չէ արձագանգած: Աշխատանքներուն սկսելու համար ստեղծուած է միացեալ յանձնախումբ: Խօսքը Զանգեզուրի միջանցքին մասին է: Սակայն ասիկա Հայաստանին կը մտահոգէ: Երեւանը պէտք է որոշէ` խաղաղութիւն կ՛ուզէ՞», աւելցուցած է Չաւուշօղլու:

Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ երկու տարի ետք հայկական զօրքերը տակաւին չեն լքած «Ազրպէյճանի տարածքը»:

«Բոլորին ակնյայտ է կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի ոչ անկեղծութիւնը: Երեւանը պէտք է իմանայ, որ Անգարան Պաքուէն թաքուն ծրագիրներ չունի. մենք խաղաղութեան կողմնակից ենք», եզրափակած է Չաւուշօղլու:

 

Նախորդը

Ցորենի Շտեմարանին Հիւսիսային Հիմնասիւները Փուլ Եկան

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Հետաքննելու Նախագահ Պայտընի Կողմէ Արցախին Օժանդակութիւն Չտրամադրելու Հարցը

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.