Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆրանսայի Վրայ Իր Բանեցուցած Ճնշումներով Թուրքիա Կը Փորձէ Պատմութիւնը Քաղաքականացնել» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

March 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին հակասահմանադրական նկատուելուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան հինգշաբթի, 1 մարտին «Պի. Պի. Սի. – Արապի» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը:

Հարցազրոյցին ընթացքին Վ. Եագուպեան նշեց, որ համայն հայութիւնը դժգոհ է Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին որոշումէն, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ այս իմաստով հայոց ջանքերն ու աշխատանքները պիտի դադրին: «Ֆրանսահայութիւնը ճիգ չի խնայեր այդ հարցին հետապնդումը շարունակելու առումով եւ այս շրջագիծին մէջ ան Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն ստացած է խոստում մը, որուն հիման վրայ Սարքոզի Ֆրանսայի արդարութեան նախարարութենէն պահանջած է մշակել նոր օրինագիծ մը, որ պիտի ներկայացուի ֆրանսական խոհրդարանին ու ապա ծերակոյտին», ըսաւ Վերա Եագուպեան:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն շեշտեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ դրած է եւ հսկայական ճնշումներ բանեցուցած Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վրայ, որպէսզի մերժէ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: «Թրքական պետութիւնը իր այս վարուելակերպով կը փորձէ պատմութիւնը քաղաքականացնել: Միւս կողմէ, թուրք-հայկական յարաբերութիւնները երբեք լաւ չեն եղած», ըսաւ ան:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ծիրին մէջ Վ. Եագուպեան ընդգծեց, որ անոնց բարելաւումը կարելի պիտի ըլլայ միայն երբ Թուրքիա իբրեւ պատմական իրողութիւն ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներում հայցէ հայ ժողովուրդէն: «Թրքական պետութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը զինք կը դնէ հայոց քաղաքական իրաւունքները հատուցելու պարտաւորութեան տակ, այլ խօսքով` հայութեան նիւթական եւ բարոյական հատուցումներ տրամադրելու պարտադրանքին տակ», ըսաւ ան:

Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ եւ մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան Անատոլուի մէջ: «Թուրքիա պէտք է հայ ժողովուրդը հատուցէ եւ անոր վերադարձնէ իր հողերը, ինչքերն ու եկեղեցական կալուածները», աւելցուց ան:

Վ. Եագուպեան հաստատեց, որ Հայ դատի աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ հայութիւնը պիտի փորձէ Եւրոպայի մէջ ամէն ձեւի ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք հիմնուած է արդի Թուրքիան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Աւարտեց Չեխիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը

Յաջորդը

Այցելութիւն Մշակոյթի Նախարար Կապի Լայեունի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.