Ուքրանիոյ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներու մասին առաջին փաստաթուղթը կրնայ յայտնուիլ 29-30 օգոստոսին: «ՌՊՔ-Ուքրաինա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Անտրէյ Երմաք:
«Մենք անվտանգութեան երաշխիքները շատ կարեւոր կը նկատենք, մենք միշտ այդ մասին կը խօսինք մեր բոլոր գործընկերներուն հետ: Այսօր նոյնպէս ատիկա քննարկման առարկայ եղած է, ես ուրախ եմ, որ մեր գործընկերները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն… Մինչեւ այս ամսուան վերջը, ես կը կարծեմ, որ ատիկա պիտի ըլլայ 29 կամ 30 օգոստոսին, մենք կրնանք պարոն Ռասմուսենի հետ ունենալ առաջին փաստաթուղթը, մեր խումբին վերաբերեալ յանձնարարականները: Մենք այժմ այդ փաստաթուղթին վրայ կ՛աշխատինք», նշած է ան:
Անոր համաձայն, ինք արդէն ծանօթացած է բնագիրին, եւ ատիկա «շատ հզօր փաստաթուղթ պիտի ըլլայ»:
Յիշեցնենք, որ Երմաք երկու շաբաթ առաջ ըսած էր, որ Ուքրանիան արեւմտեան գործընկերներուն ներկայացնելու համար անվտանգութեան երաշխիքներու առաջարկներ կը պատրաստէ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամերիկացիներուն կոչ ուղղած է շտապ հեռանալու Ուքրանիայէն` նշելով, որ Ռուսիան «յառաջիկայ օրերուն քաղաքային ենթակառոյցները հարուածելու ջանքեր կը գործադրէ»:
Ուքրանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը ամերիկացի քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է Ուքրանիայէն հեռանալու վերգետնեայ փոխադրամիջոցով, «եթէ ատիկա անվտանգ է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախազգուշացուցած է, որ պատերազմը Ուքրանիոյ մէջ կայուն չէ եւ կրնայ «առանց նախազգուշացման վատթարանալ»:


