Երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկիզբ առին Թրիփոլիի Ֆանար-Ռամքին կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի ուշ գիշերուան ընթացքին ծովամոյն դարձած նաւը դուրս բերելու աշխատանքները:
Այդ նպատակով Լիբանան բերուած հնդկական սուզանաւը սկսաւ իր աշխատանքին` 470 մեթր ծովուն խորերը գտնուած նաւը դուրս բերելու նպատակով:
Սուզանաւը ծովուն խորերը իջեցնելու գործողութիւնը կատարեց լիբանանեան բանակը, որ լիբանանեան ծովուժին յատուկ նաւով մը զայն փոխադրեց ծովամոյն դարձած նաւուն շրջանը:
Գործողութեան հսկեց լիբանանեան ծովուժի հրամանատար գնդապետ Հայսամ Տաննաուի, որ քաղաքացիներէն խնդրեց չմօտենալ «Մահուան նաւ»-ուն վայրին, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ շրջանին մէջ հանգիստ աշխատիլ:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ աշխատանքը քանի մը օրուան վրայ կրնայ երկարիլ` աւելցնելով, որ իրենք անհրաժեշտ բոլոր դիւրութիւնները պիտի տրամադրեն:
Սուզանաւը փոխադրող նաւուն մէջ էին նաեւ լրագրողներ` տեղական, արաբական եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներէ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի եւ նահատակներուն ընտանիքները:
Երեսփոխան Ռիֆի մաղթեց, որ սուզանաւուն կատարելիք աշխատանքները հեզասահ ընթանան, որպէսզի կարելի ըլլայ դուրս բերել «Մահուան նաւ»-ուն մէջ գտնուող դիակները:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ սուզանաւուն եւ երեք հոգի հաշուող անոր անձնակազմին աշխատանքները կասեցուեցան` ալիքներու բարձրանալուն պատճառով, նկատի ունենալով, որ անիկա կը վտանգէ սուզանաւուն եւ անոր անձնակազմին աշխատանքը:
Նշենք, որ «Մահուան նաւ»-ը 23 ապրիլին ընթացք առած էր Թրիփոլիէն` լիբանանցի քաղաքացիները ապօրինի կերպով այլ ափեր փոխադրելու նպատակով:


