Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Մոհամետ Շքէյրի:
Հանդիպումէն ետք Շքէյր յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարին մասին իրենց կարծիքը կը մնայ նոյնը, ինչ որ էր ութ ամիս առաջ, այսինքն` Տնտեսական խորհուրդները յարմար կը նկատեն, որ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը առաւելագոյնը 8000-10.000 լ. ոսկիի միջեւ տարուբերի:
Շքէյր յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթիէն իմացած են, որ մաքսատնային տոլարի ճշդումը կարիքը ունի խորհրդարանին վաւերացումին:
Ան մաղթեց, որ անգամուան մը համար ժողովրդահաճոյ ըլլալու հանգամանքը մոռցուի, նոյնիսկ եթէ անիկա մէկ շաբթուան համար ըլլայ, եւ մտածուի Լիբանանին ու լիբանանցի պաշտօնեաներուն շահերուն մասին:
Շքէյր ընդգծեց, որ այս իմաստով իրենց կեցուածքը յստակ է: «Մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը 20.000 լ. ոսկիի վերածելը աղքատ դասակարգին ցաւ պատճառող հարուած մը հասցնել է: Յոյսով ենք, որ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը 10.000 լ. ոսկիի կը վերածուի, ապա կը սերտուի, թէ ի՛նչ կարելի է կատարել», ըսաւ Շքէյր:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէի հետ, որ ներկայացուց Պէյրութի միջազգային օդակայանին եւ Պէյրութի ու Թրիփոլիի նաւահանգիստներուն մէջ տեղի ունեցող աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրները:
Համիէ նշեց, որ վարչապետ Միքաթիին հետ խօսած է նաւահանգիստներուն եւ օդակայանին կողմէ լիբանանեան պետութեան ապահովուած շահերուն մասին` աւելցնելով, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութեան կառոյցներէն մէկը Լիբանանի պետական գանձարկղին համար մէկ ամսուան մէջ կրցած է ապահովել 2021 տարուան ընթացքին իրականացած ամբողջ շահը:
Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի իր կարգին այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յաջորդ գործընթացներուն սահմանադրական ժամկէտերը, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն տարբեր հարցեր պարզաբանող յայտագիրներ պատրաստելու ծրագիրները` ժողովուրդը տեղեակ պահելու համար մաքսատնային տոլարէն, սահմանադրական գործընթացներէն եւ այլն:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ դարձաւ վարչապետարանի այցելուներէն: Ան վարչապետ Միքաթիի հետ քննարկեց նախարարութեան եւ յատկապէս երկրին ուժանիւթի մարզին վերաբերող խնդիրները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան:
Քննարկուեցան նախարարութեան եւ երկրագործութեան մարզին վերաբերող հարցեր, երկրագործութեան մարզին մէջ զարթօնք մը իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հողագործին զօրակցելու քայլերու դիմելու կարեւորութիւնը:


