Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առանց Ապահովութեան Խորհուրդէն Որոշումի Մը` Սուրիոյ Մէջ Որեւէ Ձեւի Միջամտութիւն Բացառուած Է» Կ՛Ըսէ Սարքոզի

March 3, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիքոլա Սարքոզի

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին օտարերկրեայ մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իւրայատուկ յարաբերութիւն մը չունի, իսկ սուրիացիները իրենք է, որ պէտք է որոշեն, թէ ո՛վ իրենց երկրին պէտք է իշխէ, սակայն անհրաժեշտ է զիրար սպաննելէ դադրին: Ան նշեց, որ Ռուսիա մտահոգ է Հոմսի նման քաղաքներու մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան առնչութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն մէկ օր առաջ Ներկայացուցիչներու տան առջեւ լսումներու ընթացքին յայտնած էր, որ Մոսկուա Սուրիոյ եւ նախ եւ առաջ Ասատ ընտանիքին հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի:

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Սուրիոյ մէջ իր դեսպանատունը փակել` նշելով, որ «առանց Ապահովութեան խորհուրդէն որոշումի մը` Սուրիոյ մէջ որեւէ ձեւի միջամտութիւն բացառուած է»:

«ՔՈՒՆԱ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հանդիպում ունեցած է Պուրհան Ղալիունի գլխաւորութեամբ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան մը հետ: Սուրիոյ Ազգային խորհուրդէն լաւատեղեակ աղբիւրներ ՔՈՒՆԱ-ին յայտնած են, որ հանդիպումին ընթացքին սուրիացի ընդդիմադիրները Տաւութօղլուի պիտի ներկայացնեն պահանջներու ցանկ մը, որ կը ներառէ Իտլիպ եւ Ժապալ Զաուիա շրջաններուն միջեւ ապահովական գօտիի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ քննարկած են այս ամսուան ընթացքին Պոլսոյ մէջ նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին պատրաստութեան վերաբերող հարցեր:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն պաշտօնապէս կ՛ընդդիմանայ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու գաղափարին, սակայն պիտի չառարկէ, եթէ այլ երկիրներ անհատական կերպով այդ քայլին դիմեն: Օրաթերթը կը նշէ, որ ծոցի կարգ մը երկիրներ այդպիսի ծրագիրներ ունին, որոնք կը սպառնան Ուաշինկթընի եւ այլ երկիրներու այդ հարցով որդեգրած զգուշաւոր կեցուածքին: Ամերիկան եւ իրեն համախոհ երկիրները այն մտավախութիւնը ունին, որ այդ քայլը Սուրիոյ մէջ կրնայ հրահրել քաղաքացիական պատերազմ մը, որ իր կարգին ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ բռնկեցնել:

Քուէյթի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Քիչաք քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին յայտնեց, որ  իր երկիրը Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն առաջարկած է Սուրիոյ մէջ կացութեան քննարկման համար 7 կամ 8 մարտին ռազմավարական երկխօսութեան արտակարգ ժողով մը գումարել, սակայն ծոցի երկիրները տակաւին այդ առաջարկին չեն պատասխանած:

Միւս կողմէ, Միջազգային կարմիր խաչը յայտարարեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւան մը մուտք գործած է Հոմս եւ կը պատրաստուի Պապա Ամրօ մուտք գործել: Նշենք, որ Սուրիական բանակը հինգշաբթի օր Պապա Ամրօ թաղամասը ամբողջական կերպով իր վերահսկողութեան տակ առաւ:

 

Նախորդը

Իրանի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.