Սաքիի օդակայանին մէջ 9 օգոստոսին տեղի ունեցած մեծ պայթումները ոչնչացուցած կամ անգործածելի դարձուցած են Ռուսիոյ Սեւծովեան պատերազմական նաւատորմիղի օդուժի աւելի քան կէսը: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Եւրոպայի քաղաքական շրջանակներէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Ան ըսած է, որ 9 օգոստոսէն ետք Ռուսիան լուրջ դժուարութիւններ պիտի ունենայ Խրիմի տարածքէն Ուքրանիոյ սեւծովեան քաղաքներուն, մասնաւորաբար Օտեսային սպառնալու:
Այդ անանուն պաշտօնատարին համաձայն, «հարուածներ հասցնելով Ռուսիոյ թիկունքը գտնուող զինուորական ենթակառոյցներուն` Ուքրանիան կը հասնի «կուտակային արդիւնք»-ի, որովհետեւ ո՛չ միայն կը թուլացնէ ռուսական ստորաբաժանումներու մատակարարումը, այլ նաեւ հոգեբանական ծանր ազդեցութիւն կը գործէ թէ՛ զինուորներուն եւ թէ՛ իշխանութիւններուն վրայ»:
«Եւրոպական պաշտօնական շրջանակներուն մէջ անանուն աղբիւր» եզրը, իբրեւ կանոն, կը կիրարկուի արեւմտեան երկիրներու հետախուզական ծառայութիւններու կամ յատուկ այլ կառոյցներու աշխատակիցները վկայակոչելու պարագային:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս նշած է, թէ Նովոֆիոտորովքայի մօտ տեղի ունեցած պայթումները ոչնչացուցած են առնուազն 5 «Սու-24» տեսակի եւ 3 «Սու-30» տեսակի ռմբաձիգներ:


