Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս այսօր իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրով պաշտօնական եռօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Անգարա: Այս մասին հաղորդեց պաղեստինեան ՈՒԱՖԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ֆայետ Մուսթաֆան:
Մուսթաֆա յայտնած է, որ երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ թուրք-պաղեստինեան յարաբերութիւններու բարելաւման ուղիները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի մէջ վերջին քաղաքական զարգացումները եւ շրջանային ու միջազգային այլ հարցեր:


