Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունիս 2023-ին: Այս մասին յայտարարեց երկրի արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ:
«Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 յունիս 2023-ին: Ատիկա պիտի ըլլայ երկրորդ ընտրութիւնը, որուն պիտի մասնակցի մեր նախագահը (Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը)», ըսած է նախարարը թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւնները, տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, տեղի կ՛ունենան նոյն օրը եւ սկիզբէն նշանակուած էին յունիս 2023-ին: Իշխող Ժողովրդական դաշինքը նախապէս յայտարարած էր, որ իրենց միասնական թեկնածուն պիտի ըլլայ գործող նախագահ Էրտողանը: Ընդդիմութիւնը` ի դէմս վեց կուսակցութիւներու դաշինքի, տակաւին չէ նշած իր թեկնածուն:
Ընդդիմութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ գործող նախագահը չի կրնար մասնակցիլ ընտրութեան, որովհետեւ ասիկա անոր երրորդ նստաշրջանը պիտի ըլլայ: Արդարադատութեան նախարարութեան ղեկավարը բազմիցս ըսած է, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնը Էրտողանի համար երկրորդը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ 2018 թուականի խորհրդարանական կառավարման ձեւէն նախագահականին անցնելէ ետք:


