Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Նախագահական Ընտրութեան Յաղթանակ Արձանագրեմ, Մետվետեւը Վարչապետ Պիտի Նշանակեմ» Կ՛Ըսէ Փութին

March 3, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին` միջազգային լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Օտարերկրեայ մամլոյ խմբագիրներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին Ռուսիոյ վարչապետ, նախագահի թեկնածու Վլատիմիր Փութին անդրադարձած է ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ արտաքին քաղաքականութեան մասին խօսելու ընթացքին, անդրադառնալով Լիպիոյ մէջ կատարուածին, Փութին Քազզաֆիի տապալած վարչակարգը մեղադրած է լիպիացի ըմբոստներու եւ խաղաղ բնակիչներու սպանութեան, իսկ արեւմտեան լրատուամիջոցները` նման փաստերու մասին չբարձրաձայնելու համար: Ան զուգահեռներ գծած է Լիպիոյ մէջ կատարուածին եւ Սուրիոյ մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին միջեւ` յայտնելով. «Դուք գիտէ՞ք, որ այնտեղ կանայք բռնութիւններու ենթարկուած են, տղամարդոց սպաննած են: Դուք գրա՞ծ էք այդ մասին: Եթէ անկեղծ, ապա կը կարծեմ, որ մասամբ: Միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցները կը նախընտրեն ատիկա չնկատելու տալ»:

Ըստ Փութինի, լիպիացի ըմբոստները յաջողած են Քազզաֆիի վարչակարգը տապալել «դուրսի» օգնութեամբ, որուն իրաւական հիմքը պէտք է դառնար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որուն որդեգրման խոչընդոտեց Ռուսիան: «Իսկ այդ քայլին սկզբունքը հետեւեալն է` չխրախուսել զինեալ տագնապին կողմերը, այլ ստիպել, որ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստին եւ համաձայնութեան գան կրակը դադրեցնելու ընդունելի տարբերակներու շուրջ, անցնիլ քաղաքական հոլովոյթներու ու բարեփոխումներու, եւ ոչ թէ տագնապը մտցնել փակուղի եւ անոր հասնիլ, որ մէկ կողմը ամբողջութեամբ ոչնչացնէ միւսը», ըսած է Փութին:

Միացեալ Նահանգներու հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով, Փութին խոստովանած է, որ Եւրոպայի մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի ծրագիրին շուրջ ամերիկեան կողմին հետ եղած են համաձայնութիւններ, սակայն վերջինս հրաժարած է զանոնք փաստաթուղթի մէջ ամրագրելէն: Խօսքը, ըստ անոր, այդ ծրագիրը Ռուսիոյ դէմ չուղղելու երաշխիքներու մասին էր:

Ինչ կը վերաբերի ներքին քաղաքականութեան, ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածուն յայտնած է, որ «եթէ յառաջիկայ կիրակի տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեմ, ընթացաւարտ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը վարչապետութեան թեկնածու պիտի ներկայացնեմ»:

«Եթէ ժողովուրդը ինծի քուէարկէ, ապա կարելի է վարչապետի պաշտօնը Մետվետեւին յանձնել», ըսած է Փութին` հերքելով այն ամբաստանութիւնները, թէ ինք Ռուսիոյ քաղաքական վերնախաւի իշխանութեան գաղափարին կը զօրակցի:

Հանդիպումին մասնակցած են ճափոնական «Ասահի Սիմպուն» օրաթերթի խմբագրապետ Եոսիպումի Վաքամիա, ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթի խմբագրապետ Սիլվի Քաուֆման, իտալական «Լա Ռեսփուպլիքա» օրաթերթի խմբագրապետ Էցիօ Մաուրօ, քանատական «Կլոպ էնտ մէյլ» օրաթերթի խմբագրապետ Ճոն Սթեքհաուս, բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթի խմբագրապետ Ճէյմս Հարտինկ եւ գերմանական «Հանտելսպլաթ» օրաթերթի խմբագրապետ Կապոր Շթայնկարտ:

Նախորդը

Սերպիա Եւրոպական Միութեան Թեկնածու Երկրի Կարգավիճակ Կը Ստանայ

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.