Իրանի յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի յայտնեց, որ Պաղեստինի մէջ Դիմադրութեան եւ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի մօտ կան շատ հզօր միջոցներ:
Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան ցամաքային ուժը կարողութիւնը ունի ամբողջական հակակշիռի տակ առնելու տիրող կացութիւնը:
Սալամի յայտնեց, որ Հըզպալլա իր փորձառութեամբ, ռազմական հմտութիւններով, ինքնավստահութեամբ եւ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին հաւատադրժողականներուն դէմ պայքարէն իւրացուցած իր մարտավարութիւններով կրնայ ցամաքային ամբողջական պատերազմ մը մղել եւ յաղթանակ արձանագրել:
«Բոլորիս ծանօթ է, որ հաւատադրժողական խմբաւորումները առանց մահէն վախնալու կը կռուին, եւ անոնց դէմ պատերազմը կարելի կ՛ըլլայ հակակշռել հաւատք ունեցող մարտիկներուն շնորհիւ: Անիկա խիստ պատերազմ է եւ դժուար աշխատանք: Հաւատադրժողական խմբաւորումները պարտութեան մատնող կողմը իսկապէս արտակարգ ուժի տէր կը նկատուի, իսկ Հըզպալլա իրականացուց այդ մէկը եւ նուաճեց յաղթանակը», հաստատեց Սալամի:


