Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1009 վարակուածներ եւ մահացած է 3 պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 34.200 լ. ոսկիի:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ շաբաթ, 20 օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Սելիմ Սլամ շրջանին մէջ, Մսայթպէի մզկիթին կից գտնուող աղբամաններուն մէջ գտնուած են տարօրինակ մարմիններ: Սակրաւորներուն կողմէ կատարուած ստուգումներէն ետք ի յայտ եկած է, որ անոնք վերացական ականներ են, եւ այս հարցին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շաբաթավերջին ստացաւ 47 բեռնարկղներ, որոնք լեցուն էին տարբեր տեսակի հրթիռներով: Բանակին ստացած սպառազինումի այս օժանդակութիւնը ամերիկեան էր եւ Պէյրութի նաւահանգիստ հասած էր «Օշըն ճեզ» ամերիկեան նաւով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն օգտուելու Ազգային գրադարանին տրամադրած գիտելիքներու հարստութենէն: Մուրթատա յայտարարեց, որ Ազգային գրադարանին դռները բոլորին դիմաց բաց են:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան անդրադարձաւ անտառներուն մէջ ծառեր կտրելու երեւոյթին` հաստատելով, որ իր նախարարութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցելով պիտի փորձէ այս ոճիրին լուծում մը գտնել:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Կը վկայենք, որ ամէնէն աւելի փտածները պարկեշտութեան մասին կը դասախօսեն, արդարութենէն փախուստ տուած մարդիկ իրենք զիրենք դատաւոր կը կարգեն, իսկ պետութիւնն ու անոր գերիշխանութիւնը պղծողները` կեղծ ազգայնականութիւն կը ձեւացնեն»: Ան մաղթեց, որ լիբանանցիներուն խիղճը արթննայ, եւ Աստուած սրբագրէ իւրաքանչիւր պատասխանատուի արարքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ սահմանադրական թափուր վիճակը կրնայ տկարացնել Լիբանանի կեցուածքը` արտաքին սպառնալիքներուն դիմադրելու առումով: Ռաատ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նոր նախագահ մը հասցնելու Պաապտա: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի իրաւունքն է օգտուիլ իր բնական հարստութիւններէն եւ ժողովուրդին բարօրութիւն պարգեւել:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի մերժեց մաքսատնային տոլարի արժէքը եւ հաստատեց, որ կառավարութեան պատրաստած 2022-ի ամավարկը բարեկարգչական չի նկատուիր:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարին գծով տրուելիք որեւէ որոշում պէտք է ժողովուրդին շահերէն բխի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ մաքսատնային տոլարին փոխարժէքը 20 հազար լ. ոսկիի բարձրացնել կը նշանակէ պետութեան ձեռքը երկարել քաղաքացիներուն քսակին: Ան նշեց, որ խորհրդարանական նիստին ընթացքին իրենք հարց տուած են ծովային կալուածներէն տուրքերը գանձելու, հաղորդակցութեան միջոցներու մարզի 6 միլիառ տոլարը վերստին ապահովելու եւ այլ աղբիւրներու մասին, սակայն մնացած են անպատասխան: Սէյիտ յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` տեղական եւ արտաքին իմաստով, աւելի վատ է, քան 2005-ը: «Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի հարցով իրար անցած վիճակ մը ունի, իսկ մեր հրապարակները բաց են, եթէ անմիջապէս չկարենանք զանոնք զսպել, ապա սադրանքի սեմին կը գտնուինք», յայտնեց ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հարցով Լիբանանի դէմ իսկական դաւադրութիւն մը կը նիւթուի միջազգային ընտանիքին կողմէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Շաուքի Տաքքաշ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի մշուշոտ փուլի մը դիմաց: Ան նշեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը կը զօրակցի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի կեցուածքին, որուն հիման վրայ պէտք է ընտրել հանրապետութեան գերիշխան նախագահ մը եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել նոր կառավարութիւն մը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հասցէին արձանագրուած բոլոր ամբաստանութիւնները անկարեւոր են, «կարեւորը այն է, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են», աւելցուց ան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ իրաւունք չունին ժողովուրդին դէմ մաքսատնային սպանդ կազմակերպելու, երբ հանրապետութեան նախագահը մերժած է ստորագրել մաքսատնային տոլարի փոխարժէքի սակին վերաբերող հրամանագիրը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական ժամանակաշրջանը Լիբանանի պատմութեան ամէնէն սեւ փուլն է, որ երկիրը հասցուցած է աղէտներու: Ալլուշ ընդգծեց, որ նախագահ Աունի ներկայութիւնը պետութեան գլխուն համազօր դարձած է քաղաքացիական պատերազմի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ օտար երկիրներէն ոչ ոք հետաքրքրուած է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացումով, բացի` Իրանէն, որ այս գործընթացին վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի պարտադրէ Հըզպալլայի ընդմէջէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց գտնելու կարողութիւններով օժտուած նախագահ մը, որ կարենայ ելքեր գտնել` լուծելու համար այս տագնապը, ինչպէս նաեւ անհատ մը, որ ունենայ տնտեսական ենթահող: Ժոմպլաթ աւելցուց, որ ինք չի յանդգնիր նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ առաջարկել:

 

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմերու Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հոգեհանգստեան Կարգ` Երեւանի Պայթումի Զոհերու Հոգիներուն Համար

Յաջորդը

Հիւսէյն Սալամի. «Հըզպալլա Կրնայ Ցամաքային Ամբողջական Պատերազմ Մը Մղել Եւ Յաղթանակ Արձանագրել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.