Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. «Առանց Հանրապետութեան Նախագահի Ո՛չ Խորհրդանիշ Կայ Եւ Ո՛չ Ալ Լիբանանեան Միասնականութիւն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

August 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ իրենց պարտականութիւնն է խօսքը ուղղել պատասխանատուներու խիղճերուն եւ զանոնք մղել կազմելու  ամբողջական լիազօրութիւններով նոր կառավարութիւն մը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ ստանձնէ իր սահմանադրական պատասխանատուութիւնները:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու` յարգելով սահմանադրական ժամկէտը:

«Ամօթալի է, որ 1988-էն ի վեր Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւնը վերածուած է սովորութեան մը: Կարծէք այդ ընտրութիւնը արգելակող ուժերը կ՛ուզեն ուղղել այն պատգամը, թէ Ա. իշխանութիւնը պատուոյ պաշտօն մըն է, որ բացարձակապէս կարեւորութիւն մը չի ներկայացներ, եւ պետութեան աշխատանքը կ՛ընթանայ հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ կամ անոր բացակայութեամբ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` հարց տալով, թէ արդեօք ներկայ փուլը վերջի՞նն է վարչակարգի փոփոխութեան, Թաէֆին դէմ յեղաշրջումին եւ պետութիւնը տապալելու իմաստով:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլորին չմտածելու, որ այդ քայլը այդքան դիւրին կարելի կ՛ըլլայ իրագործել: «Թող բոլորը ի մտի ունենան, որ հանրապետութեան նախագահութիւնն է լիբանանեան գոյացութեան հիմքը եւ Լիբանանի միասնականութեան խորհրդանիշը: Առանց հանրապետութեան նախագահի ո՛չ խորհրդանիշ կայ եւ ո՛չ ալ լիբանանեան միասնականութիւն: Հետեւաբար կը պահանջենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ լիբանանեան գոյացութեան, լիբանանցիներուն եւ ազգային խորհրդանիշին մակարդակով ըլլայ, ժողովուրդին մէջ փչէ զարթօնքի հոգին եւ գծէ Լիբանանի սահմանները` ո՛չ միայն արտաքին երկիրներուն հետ, այլ նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու, որոնք սանձարձակ կերպով կը վարուին պետութեան, իշխանութեան ու բանակին հետ, կարծէք սահման եւ արժանապատուութիւն չըլլայ», շեշտեց Ռայի:

 

 

 

 

Նախորդը

Հսկայ Հրդեհ Մը Հարուածեց Պիսքանթայի Անտառները

Յաջորդը

Մինչ Ծովային Սահմանագծումի Բանակցութիւնները Կ՛ուղղուին Դէպի Վերջնական Փուլ, Ցորենի Շտեմարանին Հիմնասիւները Որեւէ Ատեն Կրնան Փուլ Գալ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.