Արդէն իսկ համացանցի վրայ հասանելի է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8-րդ թիւը` օգոստոսի:
Անոր մէջ տեղադրուած յօդուածները անդրադարձ կը կատարեն Հայաստանի ներքաղաքական հիմնահարցերուն, տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական վերջին շրջանի կարեւոր գործընթացներուն: «Դրօշակ»-ի առաջնորդող գրութեամբ լուսարձակի տակ կ՛առնուին անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ աւանդական քաղաքական կողմնորոշումներու փոփոխութեան, ազգային շահերէն նահանջի եւ թրքամէտ քաղաքական գիծի ներդրման գործընթացներուն եւ այս երեւոյթին առնչուող հարցեր:
Վարդան Յակոբեանի «Ֆրանսիայի հրապարակը կլոպալիզմի յորձանուտում» յօդուածը կը քննէ ողջ աշխարհով յաղթարշաւը շարունակող համաշխարհայնացման յեղափոխութիւններու երեւոյթը, որոնք ոչ միայն արժէքներ ու բարոյական սկզբունքներ կը խորտակեն, այլ նաեւ գերուժերու համար գործիք կը ծառայեն պետութիւններ ու հասարակութիւններ կործանելու, հակամարտութիւններ հրահրելու, ազդեցութեան դաշտերը վերահաստատելու եւ ընդլայնելու համար: Այս ընդհանուր խորապատկերի վրայ հեղինակը կը դիտարկէ Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ներկայիս տեղի ունեցող մտահոգիչ գործընթացները, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնէ վարկածներ` հաւանական զարգացումներու վերաբերեալ:
«Դրօշակ»-ի հեղինակները կ՛անդրադառնան Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու Աստանա¬ի ձեւաչափով հանդիպման, ինչպէս նաեւ` անոր հետեւած Սոչիի Փութին-Էրտողան բանակցութիւններուն: Տարածաշրջանային խնդիրներու մասնագէտները կը լուսաբանեն այս հանդիպումներուն ժամանակ քննարկուած թնճուկները եւ կը փորձեն պարզաբանել բանակցութիւններու խորքային հարցերը: Ուշագրաւ վերլուծութիւն կը ներկայացնէ իրանագէտ Նարէ Գէորգեանը, որուն յօդուածին նիւթը կ՛արտացոլայ խորագիրին մէջ` «Քրտական գործօնը Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւններում»:
Արաբագէտ Սոնա Տօնիկեան արաբական մամուլի հրապարակումներու հիման վրայ կ՛անդրադառնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Մերձաւոր Արեւելք կատարած այցելութեան եւ անոր արդիւնքներուն:
«Ամերիկեան հետազօտութիւնների հայկական կենտրոն»-ը «Դրօշակ»-ի ընթերցողին համար կը վերլուծէ այս աշնան Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւնները, կը ներկայացնէ քաղաքական ուժերուն հնարաւորութիւնները, անոնց վրայ ներգործելու ունակ ներքին եւ արտաքին ազդակները:


