ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԲՈԼՈՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Կիրակի, 21 օգոստոս 2022-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի մատրան եւ մեր բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, պիտի կատարուի հոգեհանգստեան կարգ` Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար:
Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ ողորմի զոհերու հոգիներուն, Իր արքայութեան մէջ ընդունի զանոնք եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ համբերութիւն ու Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱԿՈԲ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան եօթնօրէքին առիթով Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի շաբաթ, 20 օգոստոս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Կառատունը ապահովուած է դպրոցին մուտքին:
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
(CSG) ՆԱԽԿԻՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԿԻՒԼԷՆ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 օգոստոս 2022-ին, Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԺԱՆԷԹ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 օգոստոս 2022-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Ժան Ներսէսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ բոլոր անոնց, որոնք մասնակից եղան իր քրոջ` ԺԱՆԷԹ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
2022-2023
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ մանկավարժութեան BT, TS եւ LT պետական քննութեանց մասնակցած մեր 8 ուսանողուհիները յաջողած են` ապահովելով մեր Կեդրոնին 100% յաջողութիւն:
BT1 քննութեան յաջողած է հետեւեալ ուսանողուհին.
Թինա Բարիքեան Ուաննէս
TS-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Հուրի Ղազարեան, Մարինա Հանտեան, Սեւան Մոմճեան, Սանան Պալճեան
LT-ի քննութեան յաջողած են հետեւեալ ուսանողուհիները.
Փոլին Մերտիխանեան, Անի Գէորգ, Մարիա Կարապետեան
Կը շնորհաւորենք մեր ուսանողուհիները: Վարձքը կատար կեդրոնի ուսուցչակազմին:
- 2022-2023 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան 23 եւ 30 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00:
- Դասաւանդութիւնները կը սկսին 7 հոկտեմբեր 2022-ին:
- Մանկավարժական կեդրոնը սերտօրէն կը գործակցի կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնին հետ:
Մանրամասնութիւններու համար դիմել ԽԳՄԿ-ի քարտուղարութեան:
ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ժան Ներսէսեան իր քրոջ` Ժանէթ Ներսէսեանի մահուան քառասունքին առիթով փոխան հոգեճաշի կը կատարէ հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Կաթողիկոսարանին 20.000.000 լ. ո.
– Ազգային առաջնորդարանին 15.000.000 լ. ո.
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ 3.000.000 լ. ո.
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աղքատախնամին 3.000.000 լ. ո.
– Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան 3.000.000 լ. ո.
– ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի «Կարս» մասնաճիւղին 3.000.000 լ. ո.
– Հ. Գարակէօզեան հաստատութեան 3.000.000 լ. ո.
– ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին 3.000.000 լ. ո.
– Ուրֆայի հայրենակցական միութեան 3.000.000 լ. ո.
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ազգային հաստատութիւն մը կարիքը ունի վկայեալ եւ փորձառու հաշուապահ(ուհի)-ի մը: Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել հետեւեալ հասցէին` [email protected]:
—————————————
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի վկայեալ հաշուապահի եւ պահեստի պատասխանատուի:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել հետեւեալ հասցէին` vacancy.253oultook.com
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիքը ունի`
- Երիտասարդուհիներու` գործատան մէջ աշխատելու,
- Կարի մեքենայի վրայ աշխատող կարուհիի մը,
- Ներքին յարդարում (Interior Design) ուսանած պաշտօնեայի մը,
- Առեւտուր (Business) ուսանած պաշտօնեայի մը, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ արաբերէն գիտնալը` պայման:
Հետաքրքրուողները կրնան դիմել` հեռ. 03-664007 թիւին կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել [email protected]


