Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ Ուաշինկթընի հետ քննարկել Ուքրանիոյ առնչուող հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Ես կրնամ հաստատել, որ մակարդակը, որով մենք կը շարունակենք աշխատանքը, կը ներառէ Ուաշինկթընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Աշխատանքը կը կատարուի ո՛չ միայն մեր երկու երկիրներու դեսպանատուներուն, այլ նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիններու միջոցով: Պահու լրջութիւնը ոչ ոք կը թերագնահատէ», ըսած է Ռիապքով «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանէն:
Անոր համաձայն, ռուսական կողմը կը ներկայացնէ կացութեան գնահատականն ու նախազգուշացումները եւ յոյս ունի, որ «ատոնք ոչ թէ մէկ կողմ կը դրուին, այլ կը դառնան այս ծայրայեղ վտանգաւոր պահու վերլուծութեան առիթ»:
«Մենք չենք ուզեր, որ Միացեալ Նահանգները դառնան այս տագնապին կողմ, սակայն անոնց կողմէ տակաւին այն նախազգուշացումները խորապէս եւ լրջօրէն ըմբռնելու պատրաստակամութիւն չենք տեսներ», ըսած է Ռիապքով:
Անոր փոխանցումով, Միացեալ Նահանգներ հետզհետէ աւելի կը ներքաշուին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ հակազդելով յատուկ զինուորական գործողութեան հասած են տագնապին կողմ դառնալու եզրին:
«Անոնք (ամերիկացիները) ատիկա կը մերժեն, սակայն փաստերը հակառակը կը վկայեն, ինչքան ալ ժխտեն, պնդեն, թէ զէնքերու կիրարկման հետ կապ չունին, գործնականին մէջ այդ ամէնը կը հերքուի կեանքին կողմէ եւ կը հերքուի նաեւ ուքրանական կողմին յայտարարութիւններով, որոնց մասին մենք նոյնպէս տեղեկացուցած են Ուաշինկթընին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:


