Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան միջեւ տեղի ունեցած է կառուցողական զրոյց, որուն մասին շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ վարչութեան փոխտնօրէն Իւան Նեչայեւ` պատասխանելով ռուսական «Նիուզ» կայքի հարցումին:
Անոր համաձայն, Մոսկուան կ՛ակնկալէ, որ Երեւանը պիտի պատասխանէ Ռուսիոյ դեսպանատան բողոքագիրին, որ յղուած է, երբ տեղական տեղեկատուական տարածքին մէջ սկսած են շրջանառուիլ լուրեր, թէ ռուսական կառոյցները մեղսակից եղած են 14 օգոստոսին «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնի տարածքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան:
«Մենք պատրաստ ենք հաստատելու բողոքագիրի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն ուղարկումը: Իբրեւ յաջորդ քայլ` այսօր կառուցողական զրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան միջեւ: Մենք կը սպասենք պատասխանի», ըսած է Նեչայեւ:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ դեսպանատան բողոքագիրին մէջ նշուած էր. «Վրդոված ենք տեղական տեղեկատուական տարածքին մէջ շրջանառուող շնական նիւթերէն, որոնք հայհոյախառն ու կեղծ մեղադրանքներ կը պարունակեն ռուսական կառոյցներու հասցէին` այս տարուան օգոստոս 14-ին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան մեղսակցութեան համար:
«Մենք ասիկա կը նկատենք ուղղակի սադրանք այն քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք կանգնած են նման ակնարկներու ետին, որոնց նպատակն է խաթարել ռուս-հայկական դաշնակցային յարաբերութիւնները: Մենք Հայաստանի իշխանութիւններէն կ՛ակնկալենք քայլեր` ուղղուած նման անբարեացական դրսեւորումները ճնշելուն, ներառեալ անհրաժեշտ հանրային մեկնաբանութիւնները:
«Համապատասխան բողոքագիրը դեսպանատան կողմէ ուղարկուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն:
«Նշենք, որ ռուսական կողմը` ի դէմս Ռուս-հայկական մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի, առաջին իսկ վայրկեանէն ներգրաւուած է ողբերգութեան հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն», կը նշուէր Ռուսիոյ դեսպանատան դիմատետրեան հաղորդագրութեան մէջ:


