Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ:
Նիստին ընթացքին յանձնախումբը շարունակեց 2022-ի պետական ամավարկի քննարկումը:
Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ պետութեան շարունակականութիւնը եւ ժողովուրդին կարողութիւնները ապահովելու համար կայ էական հաշուեկշիռ մը, որ պահանջուած է, որովհետեւ ամավարկը պէտք է շօշափելի թիւերով պատրաստուած եւ ներկայացուած ըլլայ: «Սակայն թիւերը ճշդելէն շատ աւելի կարեւոր է զանոնք ապահովելու ձեւը ճշդելը: Այսինքն` կարելի է մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին մօտ արձանագրել 20 հազար լ. ոսկի, սակայն հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել այդ գումարը: Պէտք է իրապաշտ ըլլալ, որովհետեւ պետական մարզի ամսական աշխատավարձերը տակաւին 1500 լ. ոսկիի հիման վրայ են, եւ պէտք է իմանալ, որ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ պետական ամավարկին վրայ», ըսաւ ան:
Քանաան յայտնեց, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին եւ կառավարութեան հարց տուած է պետական ամավարկին եւ տարբեր տեսակի ապրանքներուն վրայ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքին ունենալիք ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ սակերը հակակշռող կողմին մասին: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իրապաշտ ըլլայ` լիբանանցի ժողովուրդին իր ներկայացուցած պահանջներուն առումով:
Քանաան նկատել տուաւ, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի մէկ փոխարժէք ճշդելու համար կարելի չէ նոր փոխարժէքներ որոշել, «այսինքն` 1500-ին, 8000-ին, «Սայրաֆա»-ի փոխարժէքին եւ սեւ շուկայի փոխարժէքին կողքին, տակաւին ստեղծել մաքսատնային տոլարի փոխարժէք մը` 20.000-ի: Մեր պահանջածը հակառակն է, փոխարժէքի սակը պէտք է տրամաբանական ըլլայ, եւ պետական ամավարկին մէջ պէտք է ըլլանք իրապաշտ», աւելցուց ան:
Քանաան ընդգծեց, որ յանձնախումբը կը փափաքի լիբանանեան պետութեան կարողութիւնները ամրապնդել, սակայն միաժամանակ նկատի կ՛ունենան ժողովուրդին եւ տնտեսութեան իրավիճակը: «Հետեւաբար կառավարութեան կողմէ ճշդուած մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը պէտք չէ առանց սերտուելու ճշդուի», յայտնեց ան:
Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը պետական ամավարկի սերտողութիւնը աւարտած է ապրիլ ամսուան աւարտին եւ պահանջած իսկական թիւեր, սակայն տակաւին չէ ստացած զանոնք: «Ելեւմուտքի նախարարութիւնը քանի մը օր է ի վեր սկսած է այդ թիւերը յանձնախումբին հայթայթել, որպէսզի կարելի ըլլայ պետական գանձարկղի նիւթական բացը ճշդել, որովհետեւ այդ բացը հազարաւոր միլիառներ չէ, այլ կրնայ շրջանցել 19 հազար միլիառը, եւ ասիկա մեծ տարբերութիւն յառաջ կը բերէ: Կարելի չէ պետական ամավարկը վերացական թիւերու հիման վրայ վաւերացնել: Ուրեմն կառավարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան կու տանք վերջին պայմանաժամ` մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ, ճշդելու համար ծախսերուն եւ մուտքերուն վերջնական թիւերը», ըսաւ ան:
Քանաան հաստատեց, որ մաքսատնային տոլարի փոխարժէքը Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը չի ճշդեր, այլ ան վերահսկող իշխանութիւն է եւ իբրեւ այդպիսին պահանջած է շարք մը յստակացումներ եւ բացատրութիւններ, որոնք ստանալէ ետք կարծիք պիտի յայտնէ: «Նման որոշումներ քարոզչութեան եւ նախազգուշացումի կարիք ունին», աւելցուց ան:


