Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երեք տասնամեակէ ի վեր Հըզպալլա մաս կը կազմէ երկրին քաղաքական կեանքին եւ խորհրդարանին մէջ ներկայութիւն է: «Մենք հետզհետէ աւելի ինքնավստահ կը դառնանք եւ կը հաստատենք, որ մենք ենք այս երկրին իսկական գերիշխանականները, ինչպէս նաեւ կ՛ընդգծենք, որ Լիբանանի պաշտպանութեան համար լաւագոյն ընտրանքը կը մնայ Դիմադրութիւնը: Մենք մեր ժողովուրդին կարողութեան վրայ վստահութիւն ունինք եւ քաջ գիտենք, որ ժամուան մը ընթացքին արձանագրուելիք յաղթանակին սփռելիք ուրախութիւնն ու ներշնչելիք արժանապատուութիւնը պիտի գերազանցեն տարիներու զրկանքն ու տառապանքը: Հետեւաբար այս է, որ Դիմադրութիւնը կը մղէ ինքզինք երիտասարդ պահելու, որովհետեւ կը վստահի այս ժողովուրդին», հաստատեց ան:
Ռաատ շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլ միշտ կը ջանայ խեղաթիւրել ճշմարտութիւնն ու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ դաւադրութիւններ նիւթել մեզի դէմ:
«Մենք պատասխանատուութեամբ կը վարուինք եւ մեր ժողովուրդին կը ծառայենք ու զայն կը պաշտպանենք, ինչպէս նաեւ կը հսկենք, որ Դիմադրութեան աշխատանքին մէջ ժխտական կէտեր չնշմարուին», ըսաւ ան:
Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապին հիմնական պատճառը երկրին մէջ իշխող համայնքային մտայնութիւնն է, որ կը սնանի արտաքին շահերով:
«Խորհրդարանական մեր փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանանի վարչակարգը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի, եւ կամ նուազագոյնը վերատեսութեան ենթարկուի այն հոգեբանութիւնը, որով ստորագրուեցաւ Թաէֆի համաձայնագիրը: Մենք չենք փափաքիր վարչակարգը ամբողջութեամբ փոխել», շեշտեց ան:
Ռաատ հաստատեց, որ Հըզպալլա կոչ կ՛ուղղէ հանրապետութեան նախագահը ընտրելու սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ լիբանանցիները գտնեն լուծում մը` պահպանելու համար իրենց երկիրը:


