Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիան Աշխարհը Չեռնոպիլի Օրինակով Հիւլէական Աղէտի Կ՛առաջնորդէ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ռուսիոյ Դեսպանը

August 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենզիա վերջին օրերուն ուքրանական ուժերուն կողմէ Զապորոժիէի հիւլէական կայանին դէմ իրերայաջորդ ռմբակոծումներուն անդրադառնալով յայտնեց. «Հիւլէական ենթակառոյցներուն վրայ Քիեւի շղթայազերծած յարձակումը աշխարհը կ՛առաջնորդէ եզրին հիւլէական աղէտի մը, որուն տարողութիւնը կարելի է բաղդատել Չեռնոպիլի հետ»: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

«Եթէ ուքրանական բանակի յարձակումները շարունակուին, ապա որեւէ պահու կրնայ աղէտ պատահիլ, որմէ ետք Քիեւի, Զապորոժիէի, Խարքովի, Պոլթավայի, Խերսոնի, Օտեսայի, Նիքոլայեւի, Քիրովոկրատի, Վինիթիայի, Տոնեցք ու Լուկանսք հանրապետութիւններու եւ Ռուսիոյ ու Պիելոռուսիոյ սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս նաեւ Մոլտովան, Պուլկարիան եւ Ռումանիան շողարձակումով ապականման վտանգի ենթակայ պիտի ըլլան», նշեց Նիփենզիա` աւելցնելով. «Ասիկա փորձագէտներու նախատեսութիւններուն մէջ ամէնէն լաւատեսականն է, եւ դժուար է Զապորոժիէի կայանին մէջ հիւլէական աղէտի իսկական տարողութիւնը երեւակայել, եւ այդ պարագային Քիեւի արեւմուտքցի հովանաւորները պիտի կրեն ատոր ամբողջական պատասխանատուութիւնը»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի վարչակարգը Զապորոժիէի մէջ հիւլէական կայանի ենթակառոյցը ռմբակոծելով հիւլէական ահաբեկչութիւն նկատուող արարք մը գործած է:

Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին իր կարգին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց, որ Զապորոժիէի հիւլէական կայանի ռմբակոծումը կրնայ յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու, որոնց պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընն ու Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

«Ուաշինկթընի եւ Քիեւի վարչակարգի գործողութիւնները հիւլէական աղէտի վտանգ կը ներկայացնեն», գրած է ան` ընդգծելով, որ հիւլէական կայանը կը ռմբակոծեն հրթիռներով ու ծանր հրետանիով, ինչ որ կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ Ուքրանիոյ շրջաններու մեծ մասին բնակչութեան եւ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու համար:

Նշենք, որ Զապորոժիէի հիւլէական կայանը այժմ ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ է:

 

 

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Սուրիա Կատարելիք Այցելութեանս Արդիւնքներով Շատ Լաւատես Եմ» Շեշտեց Իսամ Շարաֆէտտին

Յաջորդը

Մոսկուա. «Զուիցերիան Պատժամիջոցներուն Միանալով Զրկուած Է Չէզոք Երկիրի Կարգավիճակէն»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.