Ազրպէյճանը աւարտած է Արցախի Բերձոր քաղաքը շրջանցող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Բերձորը շրջանցող նոր մայրուղիի շինարարութիւնը սկսած է յուլիս 2021-ին: Ճամբու ընդհանուր երկարութիւնը 32 քիլոմեթր է (որուն 10 քիլոմեթրը կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ), կը գրէ աղբիւրը:
Յիշեցնենք, որ Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեանը Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչները զգուշացուցած է, որ մինչեւ 25 օգոստոս պէտք է լքեն Աղաւնոն եւ Բերձորը:


