Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայիսի. «Իրան Զգայուն Է Կովկասեան Շրջանին Մէջ Իր Սահմաններու Հարցին Նկատմամբ Եւ Պիտի Հակազդէ Զանոնք Փոխելու Որեւէ Փորձի»

August 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութենէն:

Զրուցակիցները քննարկած են շրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Փաշինեան Իրանի նախագահին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանային վերջին միջադէպերուն վերաբերեալ: Շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ծիրին մէջ, ան ընդգծած է 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուար եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ համաձայնութիւններու լիարժէք իրականացման կարեւորութիւնը:

Իրանի նախագահը, անդրադառնալով վերջին օրերուն Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող լարուած միջադէպերուն, յիշատակած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի` վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ հանդիպումի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը, թէ Իրան զգայուն է կովկասեան շրջանին մէջ իր սահմաններու հարցին մէջ եւ պիտի հակազդէ զանոնք փոխելու որեւէ փորձի:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ երկկողմանի կապերու շուրջ ընդգծած անոնց սերտացման կարեւորութիւնը:

Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է հայ-իրանեան յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ եւ նշած, որ Հայաստանը պատրաստակամ է կարելի եղածին չափ խթանելու երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքներու տարանցումը եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը ենթակառոյցներու ոլորտին մէջ, ներառեալ ճանապարհային, ուժանիւթային եւ այլ ուղղութիւններով:

Իրանի նախագահը պատմական եւ խոր որակած է երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները եւ ընդգծած հայ-իրանեան կայուն տնտեսական համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռայիսի Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է, որ իր երկիրը շրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն պիտի չընդունի:

Անոնք քննարկած են երկկողմանի եւ շրջանային հարցեր: Իրանեան լրատու գործակալութիւնը կ՛ընդգծէ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր մարտերէն քանի մը օր ետք:

Իրանի նախագահը անդրադարձած է 2020 թուականին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած զինադադարի մասին եռակողմ համաձայնագիրին:

Ան ըսած է, որ զինադադարի համաձայնագիրին հաւատարիմ ըլլալն ու մնացեալ հարցերու լուծումը երկխօսութեան եւ դիւանագիտական ուղիներով լաւագոյն միջոցն է կովկասեան շրջանին մէջ անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը վերականգնելու համար:

Փաշինեան իր կարգին ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է մեծցնելու Իրանի հետ ճանապարհային եւ ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու երկու կողմերուն միջեւ ապրանքներու տարանցումը:

 

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը Աւարտած Է Բերձորը Շրջանցող Նոր Մայրուղիի Շինարարութիւնը

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգի Խորհրդարանականները Կառավարութենէն Պահանջած Են Դատապարտել Ազրպէյճանի Յարձակումները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք  Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Հիւլէական Զէնք Պիտի Չօգտագործենք, Եւ Ատոր Ստիպուած Չենք»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.