Մոսկուան, Երեւանը եւ Պաքուն կ՛աշխատին մինչեւ օգոստոսի վերջ բարձր մակարդակի եռակողմ հաղորդակցութիւններու ուղղութեամբ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Իւան Նեչայեւը` պատասխանելով ռուսական «Նիուզ» կայքի հարցումին:
«Ծրագիրները կը ներառեն մինչեւ օգոստոսի վերջ բարձր մակարդակի եռակողմ հաղորդակցութիւններու կազմակերպում` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման տարբեր ուղիներով: Աւելի մանրամասն տեղեկատուութիւն կը տրամադրենք աւելի ուշ», ըսած է Նեչայեւ:
Նախքան այդ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յայտարարած էր, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կրնան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունենալ: Հանդիպումի ստոյգ օրը տակաւին չի հաղորդուիր: Միեւնոյն ժամանակ եւրոպացի պաշտօնատարը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին:


