Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեւմուտքի Եւ Պետական Ամավարկի Խորհրդարանական Յանձնախումբը Վաւերացուց Ցորենի Համար Միջազգային Դրամատան Յատկացնելիք 150 Միլիոն Տոլարի Վարկը

August 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ:

Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է ցորենի համար Միջազգային դրամատան յատկացնելիք 150 միլիոն տոլարի վարկը:

Քանաան նկատել տուաւ նաեւ, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը կ՛ուղղուի մերժելու տուրքերու բարձրացումը, ինչպէս նաեւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի մաքսատնային տոլարի դրութեան հետ, որ կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ համաձայնութեամբ կը վաւերացուի:

Քանաան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ մաքսատնային տոլարի դրութեան մերժումը ողջունելի քայլ էր, որովհետեւ անարդար է տոլարի փոխարժէքը 1500 լ. ոսկիէն 26.000 լ. ոսկիի վերածել:

Քանաան շեշտեց, որ Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը ներկայիս կը քննարկէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսական աշխատավարձին վերաբերող պատկերացում մը, որ առաջարկուած է կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ:

Իր կարգին, Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի համար 9 ամսուան ցորեն ապահովուած է, ինչպէս նաեւ արաբական հացի կապին սակը` կայուն պահուած:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աշուրայի Առիթով. «Լիբանանի Հարստութիւններուն Վրայ Երկարող Ձեռքը Պիտի Կոտրուի, Պէտք Է Պատրաստ Ըլլալ Ամէն Տեսակի Հաւանականութիւններու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.