Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խումբ Մը Ցուցարարներ Ներխուժած Են Լոնտոնի Մէջ Ազրպէյճանի Դեսպանատուն Եւ Վար Առած Դրօշը

August 6, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խումբ մը ցուցարարներ ներխուժած են Լոնտոնի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Մեթրօ» օրաթերթը:

Ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած տեսերիզներուն մէջ կ՛երեւի, որ տղամարդիկ դրօշներ կը ծածանեն Քենսինկթընի մէջ գտնուող դեսպանատան պատշգամէն: Պատին գրած են «Ո՜վ Հիւսէյն» եւ վար առած են Ազրպէյճանի դրօշը:

Յստակ չէ, թէ ինչպէ՛ս աւարտած է բողոքի ցոյցը, սակայն, ըստ երեւոյթին, կազմակերպուած էր «Մահտիի ծառաներու միութիւն» կոչուող խմբաւորման կողմէ, որ Լոնտոնի մէջ գործող շիի իսլամական կազմակերպութիւն մըն է, որ իր կայքին վրայ կը պնդէ, թէ կ՛ուզէ «քաղաքակրթական գերակայութիւն» հաստատել:

Կազմակերպութեան ղեկավար Եասել Հապիպը հակասական հոգեւորական մըն է, որուն «Երկնային տիկինը» շարժանկարը այս տարուան սկիզբը վերցուած էր բրիտանական շարժապատկերի սրահներէն, բողոքի ցոյցերէն ետք որոշ սիւննիներու, որոնք վիրաւորուած էին իսլամութեան պատմութեան անոր մեկնաբանութենէն:

Խմբաւորումին անդամները կը պատճառաբանեն Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ երկրին մէջ որոշ շիիներու հալածանքները: Խմբաւորումին յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ իրենց ղեկավարը յանձնարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ «հրատապ քայլերու ձեռնարկել»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրատապ յայտարարութիւն հրապարակած է` դատապարտելով դեսպանատան գրաւումը: «Դեսպանատան գրաւումը եւ ազրպէյճանցի դիւանագէտներուն սպառնացող վտանգը Վիեննայի ուխտի կոպիտ խախտում է», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ ցուցարարները բերման ենթարկուած են, դեսպանատան աշխատակիցները չեն վնասուած:

Ազրպէյճանական «Հաքքին» իշխանամէտ կայքը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ խմբաւորումը ցոյցը կատարած է «շիի պետութիւններէն մէկուն գաղտնի սպասարկութեան ազդեցութեան տակ»:

Ազրպէյճանի մէջ Բրիտանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը 5 օգոստոսին կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն, անոր ներկայացուած է Պաքուի «վճռական բողոքը» Լոնտոնի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ «իրանցի ծայրայեղական գործիչներու յարձակման վերաբերեալ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Այդ սադրանքը լրջօրէն կը բացայայտէ դիւանագիտական առաքելութեան անվտանգութեան ապահովման խնդիրը, եւ հիւրընկալող երկիրը պէտք է անվտանգութեան քայլերու ձեռնարկէ` իր միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններուն համապատասխան», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրին համաձայն, Պաքուն բրիտանական իշխանութիւններէն պահանջած է «մանրակրկիտ հետաքննել վանտալիզմը եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկել»:

«Ոստիկանութիւնը վերջիններս դուրս բերած է շէնքէն եւ ձերբակալած: Կատարուածը պիտի հետաքննեն Բրիտանիոյ իրաւապահ մարմինները, քննութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի», հաղորդած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ճնշամիջոցներ` 6-րդ Կէտի Իրականացման Համար

Յաջորդը

Փութին Եւ Էրտողան Միացեալ Յայտարարութիւն Հրապարակեցին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.