Սոչիի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ 4 ժամ: Բանակցութիւններուն աւարտին հրապարակուած է երկու նախագահներու միացեալ յայտարարութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռատար»-ը:
«Երկու երկիրներու ղեկավարները ընդգծած են Պոլսոյ համաձայնութիւններու կատարումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ ռուսական հացահատիկի անխոչընդոտ արտածումը:
«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները համաձայնած են աւելցնել երկու երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները:
«Կողմերը համակարծիք եղած են, որ կարեւոր է պահպանել Սուրիոյ քաղաքական միասնութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Փութինն ու Էրտողանը ընդգծած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վստահութեան կարեւորութիւնը շրջանային եւ միջազգային կայունութեան հասնելու համար», գրուած է յայտարարութեան մէջ:
Քրեմլինի կայքին վրայ տեղադրուած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի. «Բարձրացուած հարցերու շարքին էին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները: Կողմերը հաստատեցին, որ մեծ նշանակութիւն կու տան քաղաքական հոլովոյթի յառաջխաղացման: Նախանշուեցաւ Սուրիոյ քաղաքական միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման կարեւորութիւնը, բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարին մէջ միացեալ եւ սերտ համակարգուած գործելու վճռականութիւնը»:
Հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Փութինն ու Էրտողանը չեն քննարկած Ռուսիոյ մէջ թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը կամ Ռուսիոյ կողմէ անոնց գնումը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք յայտնած է, որ երկու նախագահները համաձայնած են Թուրքիա ռուսական կազի մատակարարումներու դիմաց ռուբլիով վճարում սկսելու:
«Քննարկուած են Թուրքիոյ Հանրապետութիւն կազի մատակարարումները, որոնք բաւական մեծ ծաւալով կը կատարուին` տարեկան 26 միլիառ խորանարդ մեթր: Բանակցութիւններու ընթացքին նախագահները համաձայնած են, որ մենք մասնակիօրէն կը սկսինք կազի մատակարարում եւ ռուբլիով վճարում», ըսած է Նովաք:
Ան նշած է, որ խօսած են աստիճանաբար ազգային արժոյթներու անցնելու մասին, եւ առաջին փուլին մատակարարումներու մէկ մասը պիտի վճարուին ռուսական ռուբլիով:


