Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Գ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 3 օգոստոսին բաւական կարեւոր եւ քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Սերպիոյ մէջ մրցի «Կարմիր աստղ» Պելկրատի դէմ:
Երթի այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Կեդրոնի, կողմի եւ չորրորդ իրաւարարները պիտի ըլլան Փորթուգալէն:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 օգոստոսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, մինչ անոր մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:


