Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգային Քոնկրեսը Հանրահաւաքով Նշեց 1 Մարտի Դէպքերուն Տարելիցը

March 2, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոնկրեսի երթէն պահ մը

Երէկ 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն տարելիցին առիթով ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը Երեւանի Ազատութիւն հրապարակին վրայ կազմակերպեց հանրահաւաք մը:

«Ներկայ իրավիճակին մէջ «միակ տղամարդը» կամ «ամէնէն երիտասարդ թոշակառուն» քաղաքական գործօն դառնալու որեւէ կարելիութիւն չունի: Աւելի՛ն. քանի տակաւին Սարգսեանը իր տեղն է, ան այդ մասին նոյնիսկ չի կրնար երազել», – Երէկ Ազատութեան հրապարակին վրայ յայտարարեց ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան` Ռոպերթ Քոչարեանի հետ Գագիկ Ծառուկեանի եւ Վարդան Օսկանեանի մտերմական յարաբերութիւնները որակելով «քաղաքական բովանդակութենէն բոլորովին զուրկ հանգամանքներ:

Տէր Պետրոսեան աւելցուց, որ Ռոպերթ Քոչարեան խորտակուած, իսկ Սերժ Սարգսեան խորտակուող նաւ է, եւ այն ուժը, որ սեփական ճակատագիրը պիտի կապէ անոնց հետ, իր քաղաքական մահկանացուն կնքելու աւելի կարճ ճամբայ չի կրնար ընտրել:

Ան դրական գնահատեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի Հայ ազգային քոնկրեսի, Ժառանգութեան եւ այլ քաղաքական ուժերու միջեւ արդար ընտրութիւններու կայացման խնդիրին շուրջ սկսած կառուցողական երկխօսութիւնը: Հակառակ անոր որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը մերժեց ամբողջովին համամասնական ընտրակարգի անցնելու օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, սակայն, ըստ Տէր Պետրոսեանի, «նշեալ ուժերուն անկեղծ համագործակցութիւնը լուրջ նախադրեալ կը ստեղծէ ընտրութիւններու վերահսկման միացեալ արդիւնաւէտ մեքանիզմ ձեւաւորելու համար:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան ընդգծեց, որ Հրազդանի քաղաքապետին ընտրութիւններուն ընթացքին յայտնի դարձաւ իշխանութիւններուն կողմէ «ընտրակեղծարարութեան աւելի նուրբ մեքանիզմներու» կիրարկման «դառն իրողութիւնը», ինչ որ «խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ դաս պէտք է հանդիսանայ բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն համար»:

Քոնկրեսի ղեկավարը երկար չխօսեցաւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին. ան յայտարարեց, որ «խորհրդարանական ընտրութիւնները նախադրեալ են նախագահական ընտրութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու համար» եւ տեղեկացուց, որ ինք «տեսքի պիտի բերէ» քոնկրեսի համամասնական ցուցակը:

Հանրահաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ կուսակցութիւններու ղեկավարները: Ելոյթներ ունեցան Հանրապետութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեան, Հայաստանի ժողովրդային կուսակցութեան առաջնորդ Ստեփան Տեմիրճեան, Հայոց համազգային շարժումի ղեկավար Արամ Մանուկեան, նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեան, Հայ ազգային քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեանը եւ Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ Նիկոլ Փաշինեանը:

Անոնք յայտարարեցին «քաղաքական աշխուժ պայքարի նոր հանգրուան» սկսելու մասին` խորհրդարանական ընտրութիւնները նկատելով նախագահական ընտրութիւններու «առաջին հանգրուան»:

Հանրահաւաքի սկիզբը եւ աւարտին հաւաքուածները յարգեցին 1 մարտի զոհերուն յիշատակը` անուն առ անուն թուարկելով անոնց անունները:

Հանրահաւաքի աւարտին ցուցարարները քալեցին դէպի Միասնիկեանի արձանի յարակից տարածքը, ծաղիկներ զետեղեցին եւ մոմեր վառեցին զոհերու նկարներուն մօտ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Գտնուի Չեխիա

Յաջորդը

Հոլլանտ Եւս Կը Խոստանայ Ցեղասպանութիւններու Ժխտման Մասին Օրէնքի Որդեգրումի Հոլովոյթին Վերսկսիլ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.