Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Նախագահին Այցելութեան Ուղերձները

August 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հալէպը Սուրիոյ դէմ ծաւալած ահաբեկչական պատերազմի տարիներուն ամէնէն շատ տուժած նահանգն էր, որովհետեւ ահաբեկիչներուն նպատակը թէ՛ Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքի` Հալէպի, արժէքը նսեմացնել, թէ նահանգի մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը նենգափոխել եւ թէ՛ Հալէպի բնակչութեան դիմագիծը քայքայել էր»:

Սուրիոյ նախագահին Հալէպ այցելութեան առիթով արտասանած այս խօսքերը լոկ մարդասիրական ապրումներէ բխած արտայայտութիւններ չէին, այլ քողազերծումն էին բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնք դաւադրաբար ի գործ կը դրուէին Թուրքիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու կողմէ հովանաւորուած ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռամբ եւ, յաջողելու պարագային, Հալէպն ու իր արուարձանները ենթակայ կրնային դարձնել Թուրքիոյ ուղղակի ազդեցութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ պատերազմի տարիներուն, դաւադրական այդ ծրագիրին իբրեւ հետեւանք, քանդուեցան հին Հալէպի պատմական վայրերը, Հալէպի արեւելեան արուարձանի ելեկտրակայանը: Նոյն նպատակով քանդուեցան  ու թալանուեցան Հալէպի գործարանները մէկը միւսին ետեւէն, ապա նաեւ ճարտարարուեստի տարբեր կեդրոնները` Շէյխ Նաճճարէն մինչեւ Ռամուսէ եւ այլուր, հրթիռակոծուեցաւ Հալէպի Օմայեատ մզկիթն ու անոր խորհրդանիշներէն մէկը Թուրքիա փոխադրուեցաւ: Հրթիռակոծուեցան Հալէպի հայկական թաղամասերը, յատկապէս` Նոր Գիւղը: Շարքը երկար է պատերազմի տարիներուն Հալէպի մէջ այս ծրագիրին իրականացման համար ի գործ դրուած անմարդկային արարքներուն:

Սուրիոյ նախագահը Սուրիոյ պատերազմէն ու Հալէպի ազատագրումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Հալէպ այցելելով, նախ յայտարարեց դաւադրական այս ծրագիրին ձախողումը` հաստատելով, որ Հալէպ նահանգը իր բոլոր            արուարձաններով կը մնայ Սուրիոյ կարեւորագոյն նահանգներէն մէկը:

Հալէպի արեւելեան արուարձանի ելեկտրակայանին վերաբացումով նախագահը Հալէպի բնակչութեան ուղերձ յղեց` հաստատելով, որ ելեկտրականութեան բարելաւումով Հալէպի տնտեսական դերը Սուրիոյ ընդհանուր տնտեսութեան մէջ աստիճանաբար պիտի վերականգնի:

Երկրի տարածքային ամբողջականութեան շեշտադրումը եւս կը հնչէր նախագահին ուղերձին մէջ, յատկապէս` վերջին շրջանին Սուրիոյ հիւսիսային արուարձաններու մէջ զինուորական գործողութիւններ սկսելու Թուրքիոյ նկրտումներուն որպէս պատասխան: Նախագահը իր ուղերձով կը հաստատէր, որ Հալէպը կարմիր գիծ է, իսկ Սուրիան անվարանօրէն դէմ պիտի դնէ երկրի տարածքներ ներխուժող օտար ուժերուն: Թուրքիոյ այս նկրտումները  օրին դատապարտուեցան նաեւ Սուրիոյ դաշնակիցներուն կողմէ:

Այս այցելութեամբ նախագահը արտաքին աշխարհին կը յայտնէր նաեւ, որ Սուրիան ինքնիշխան երկիր է, եւ որեւէ մարդասիրական օժանդակութիւն կարելի է առաքել միայն Սուրիոյ օրինական իշխանութիւններուն ճամբով` յարգելով Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Սուրիոյ նախագահը ընտանեօք Հալէպ այցելելով եւ ժողովուրդի հոծ բազմութեան հետ ուղղակի հանդիպելով` եկաւ հաստատելու Սուրիոյ աշխարհագրութեան ու բնակչութեան տիրութիւն ընելու իր վճռակամութիւնը` ի հեճուկս երկրի կայունութեան քայքայման ձգտող արտաքին բոլոր ուժերուն:

Նախորդը

Երկու Բեմագրութիւն

Յաջորդը

Անփոխարինելի Կառոյց Մը, Որ Կը Քայքայուի Օր Ըստ Օրէ (Լիբանանեան Բանակի Օր)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.