Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ պատասխանատուութիւնը իրարու վերագրելը իրենց պատասխանատուութիւնը չէ:
Ան հաստատեց, որ ելեւմուտքի նախարարութենէն պահանջած են վերջին անգամ ըլլալով ստուգել 2022-ի ամավարկի թիւերը եւ ներկայացնել իրմէ պահանջուած յստակացումները` նախքան յանձնախումբին գումարելիք երեքշաբթի օրուան ժողովը:
Քանաան յայտնեց նաեւ, որ իրենք թափանցիկութիւն կը փնտռեն` աւելցնելով, որ ինք տարիներ շարունակ աշխատած է բարեկարգելու պետական հաշուեկշիռները, սակայն անոնք մնացած են Պետական հաշուեքննիչ մարմինին դարակներուն մէջ:
Քանաան ընդգծեց, որ կառավարութենէն պահանջուած տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերուն ապաքինման ծրագիրը պէտք է ըլլայ ամբողջական եւ համապարփակ, որուն մէջ դրամատուներու կառուցային վերադասաւորումը հիմնական կէտ կը նկատուի: «Մենք կը մերժենք, որ լիբանանցիները, իրենց բոլոր շերտերով, վճարեն կառավարութեան որդեգրած գործընթացներուն գինը: Անձամբ համոզուած չեմ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած կարգ մը կէտերով, որոնք վաւերացումի կարիք ունին», յայտնեց ան:
Քանաան մերժեց, որ լիբանանցիները 25.000 լ. ոսկի փոխարժէքի հիման վրայ վճարեն իրենց հարկերը, իսկ միւս կողմէ շարունակեն 1500 լ. ոսկի փոխարժէքի հիման վրայ գանձել իրենց եկամուտները:


