Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պապա Ամրօ` Սուրիական Բանակի Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ. «Ուաշինկթըն Մինչեւ Հիմա Սուրիական Ընդդիմութեան Բնոյթը Չէ Հասկցած» Կ՛ըսէ Քլինթըն

March 2, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ներկայացուցիչներու տան մէջ տեղի ունեցած ունկնդրութիւններու ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մինչեւ հիմա սուրիական ընդդիմութեան բնոյթը չի հասկնար` նշելով, որ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, որ անոր շարքերուն մէջ Քայիտայի համակիր տարրեր գոյութիւն ունին:

Ան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ բաղդատական մը կատարելով յայտնեց, որ լիպիական ընդդիմութիւնը որոշ շրջանի մը կը վերահսկէր` նախ եւ առաջ Պենկազի քաղաքին, եւ դէմք ունէր, այսինքն խումբ մը անհատներ, որոնք միջազգային հասարակութեան հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակեցին, ինչպէս նաեւ մարտիկներ ունէին: «Կրնայինք անոնց հետ հանդիպում ունենալ եւ անոնց սուր հարցումներ ուղղել… Սակայն երբ Այման Զաուահիրի` Քայիտայի ղեկավարը սուրիական ընդդիմութեան զօրակցութիւն կը յայտնէ, եթէ որոշենք զէնք մատակարարել պէտք է հարց տանք, թէ որո՞նց կը զինենք, եւ արդեօք գնդացիրներու մատակարարումը հրասայլերու եւ հրետանիի դիմաց ի՞նչ օգուտ ունի»:

Քլինթըն ըսաւ, որ Քազզաֆիի ժամանակաշրջանի լիպիական բանակին եւ սուրիական բանակին միջեւ կարելի չէ բաղդատական կատարել, որովհետեւ առաջինը Քազզաֆիի զաւակներուն կամ ազգականներուն պատկանող ջոկատներ ունէր, իսկ Դամասկոս ունի ուժեղ բանակ մը, որ Ռուսիայէն, Իրանէն եւ այլ երկիրներէ մատակարարուած ամէնէն արդիական հակաօդային համակարգերը ունի»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն աշխուժ ջանք կը թափէ սուրիական տագնապին նկատմամբ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքին վրայ ազդելու համար` աւելցնելով, որ Մոսկուա Սուրիոյ եւ նախ եւ առաջ Ասատ ընտանիքին հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի: Ան նշեց, որ Ռուսիա կոչ կ՛ուղղէ սուրիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու, սակայն կը շարունակէ Ասատի վարչակարգին զէնք մատակարարել եւ կը մերժէ անոր իշխանութեան հեռացումի կոչերը: Սակայն Քլինթըն հաւանական նկատեց, որ Ռուսիոյ մէջ մարտի սկիզբը նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններէն ետք Մոսկուայի կեցուածքը փոխուի, եւ Ռուսիա կրնայ տագնապի լուծման համար կարեւոր դեր խաղալ` հիմնուելով Դամասկոսի հետ անոր իւրայատուկ յարաբերութեանց վրայ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ Արաբական լիկան սուրիական ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն հետ կը յարաբերի եւ երկու շաբթուան ընթացքին այդ բոլոր հատուածներուն մասնակցութեամբ խորհրդաժողով մը պիտի գումարուի, որպէսզի սուրիական ընդդիմութիւնը իր ջանքերը միացնէ:

Արապի շեշտեց, որ Արաբական լիկան կը գործէ անկէ բխած որոշումներուն հիմամբ` նշելով, որ այդ որոշումները սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու կէտը չեն բովանդակէր:

Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սուրիացի ժողովուրդը փրկելու համար «բոլոր ընտրանքները» քննելու, սակայն կտրուկ կերպով հերքեց, թէ Սուրիոյ մէջ քաթարցի զինուորներ կան: Ան նշեց, որ «Սուրիա մեզի եւ շրջանին համար կարեւոր խնդիրներ կը յարուցէ, մարդասիրական տեսանկիւնէ կարեւոր հարցեր»` նշելով, որ «շատ կարեւոր է ջարդերը դադրեցնել» եւ «Սուրիոյ համար միակ լուծումը Արաբական լիկայի յանձնարարականները ընդունիլն է»:

Մինչ այդ, Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սուպահ Խալետ Սուպահ յայտարարեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երեքշաբթի, 6 մարտին Ռիատի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ժողով մը պիտի գումարեն, ռուսական կեցուածքին նկատմամբ իրենց յուսախաբութիւնը պիտի յայտնեն եւ Ռուսիոյ կոչ պիտի ուղղեն սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները բաւարարող կեցուածք որդեգրելու:

Սուրիական Ազգային խորհուրդի ղեկավար Պուրհան Ղալիուն յայտարարեց կազմութիւնը զինուորական խորհուրդի մը, որուն պարտականութիւնն է դիմադրութեան, ընդդիմութեան եւ Սուրիական ազատ բանակին զօրավիգ կանգնիլ` նշելով, որ աշխատանք պիտի տարուի «ազատ բանակի պէտքերը ապահովելու»: Ան յայտնեց, որ Թուրքիա մերժած է նորակազմ զինուորական խորհուրդը իր հողամասերուն վրայ հիւրընկալել: Ղալիուն յայտարարեց, որ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ կացութեան զարգացումները:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ կացութեան վերջին զարգացումներուն, Ապահովական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական բանակը Հոմսի Պապա Ամրօ թաղամասը «ամբողջութեամբ» առած է իր վերահսկողութեան տակ: Սուրիական ազատ բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ զէնքի եւ զինամթերքի սակաւութեան պատճառով «Պապա Ամրոյէն մարտավարական նահանջ» կատարած է:

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա սուրիական տագնապին համար իր կարելին ըրած է` նշելով, որ իր երկրին քաղաքականութիւնը «իրապաշտ է, եւ իսլամական պետութիւնները շրջանին մէջ տագնապներուն, ներառեալ` սուրիական տագնապին մէկ տեսանկիւնէ պէտք է նային: Պէտք է մէկ ձեռք ըլլանք, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, գոյութիւն ունին պետութիւններ, որոնք շրջանին մէջ գաղտնի օրակարգ մը ունին»:

Ան նշեց, որ «Թուրքիա վերջերս Թունուզի մէջ գումարուած «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին մէջ նկատառելի դերակատարութիւն ունեցած է, ինչպէս նաեւ մեր տագնապներուն մէջ օտար միջամտութիւն չենք ուզեր, որովհետեւ մենք` իբրեւ իսլամական աշխարհ, կրնանք մեր հարցերը լուծել»:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը իր բոլոր դիւանագէտները կը հեռացնէ Սուրիայէն:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.