Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենսոլորտի Եւ Առողջապահութեան Նախարարութիւնները Ցորենի Շտեմարանէն Բաժիններու Փուլ Գալու Մասին Շարք Մը Նախազգուշական Թելադրանքներ Կը Յայտարարեն

July 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին մնացորդացին փուլ գալու հաւանականութեան մասին կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ յայտարարուեցան շարք մը նախազգուշական թելադրանքներ, որոնք պէտք է որդեգրուին շրջանի բնակչութեան կողմէ:

Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն համաձայն, ցորենի շտեմարանին փուլ գալուն պատճառով օդին մէջ կրնայ բարձրանալ փոշիի ամպ մը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ նեխած հացահատիկներու բաղադրիչներէ եւ կրնայ արձակել գարշահոտ:

Նոյն նախարարութիւնները կը հաստատեն, որ ցորենին կամ հացահատիկներուն արձակած կազերը թունաւոր չեն, «իսկ ցորենի շտեմարանէն 500 մեթր մօտիկ տարածութեան մէջ ապրող բնակիչները պէտք է լքեն իրենց բնակարանները` խուսափելու համար փոշիէն եւ շողարձակումէն: Կը նախատեսուի, որ փոշին եւ հաւանական շողարձակումը ազդեն նաեւ 500-1500 մեթր տարածութեան վրայ գտնուող շրջաններուն, ինչպէս` Քարանթինայի, Ժեհթաուիի, Մար Մըթրի, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, ուր առաւելագոյնը 24 ժամ կրնայ մնալ անոնց ազդեցութիւնը եւ ապա ցնդիլ», ըստ նախարարութիւններուն:

Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները կը յանձնարարեն.

1) Ցորենի շտեմարանին փուլ գալուն պատճառով բարձրանալիք փոշիին ընթացքին, եթէ մարդիկ իրենց բնակարաններուն կամ աշխատատեղիներուն մէջ են, պէտք է առաջին 24 ժամերուն, որդեգրեն հետեւեալ միջոցառումները.

ա.- 500-1500 մեթր տարածութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ փողոցի դռներն ու պատուհանները փակել:
բ.- Առողջապահութեան նախարարութիւնը այդ շրջաններու բնակչութեան համար պիտի ապահովէ պէտք եղած դիմակապերը:

2) Փողոցը գտնուող մարդիկ պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածեն, մինչեւ փակ վայր մը հասնիլը, եւ նուազագոյնը երկու ժամ ետք պէտք է դարձեալ դուրս գան:

3) Ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող քաղաքացիներուն պարագային.

ա.- Ինքնաշարժներուն պատուհանները պէտք է փակել եւ ինքնաշարժին օդորակիչները միացնել, մինչեւ բնակարան կամ փակ վայրեր հասնիլը:
բ.- Եթէ ինքնաշարժին օդորակիչը չի գործեր, ապա մարդիկ պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածեն, մինչեւ փակ վայր մը հասնիլը:

4) Տանիքները կուտակուած փոշին մաքրելու պարագային.

ա.- Տանիքներն ու պատշգամները պէտք է մաքրել ջուրով եւ ժավելով, առանց այլ տեսակի մաքրութեան դեղ օգտագործելու, որպէսզի քիմիական փոխազդեցութիւններ չարձանագրուին:
բ.- Մաքրութեան ընթացքին պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածել:
գ.- Բնակարաններուն փոշին պէտք է թաց լաթով եւ ժավելով մաքրել, առանց այլ տեսակի մաքրութեան դեղ օգտագործելու, ինչպէս նաեւ դիմակապ գործածել մաքրութեան ընթացքին:

Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հաստատեցին, որ նախազգուշութիւնը լաւագոյն ձեւը կը նկատուի` առողջութիւնն ու կենսոլորտը պահպանելու:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Ապահովութեան Խորհուրդի Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.