Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յանուն Սուրբ Պայքարի…

July 27, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱՆԴ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
«Հայաստան» մասնաճիւղ

39 տարիներ առաջ անոնք ընտրեցին պայքարի ճամբան: Ընտրեցին այն ճամբան, որ վերադարձ չունէր: Ընտրեցին այն ճամբան, որ կը ստիպէր անձնազոհողութիւն` յանուն հայրենիքի: Այդ ճամբան տարբեր էր, կը ճանչնար ո՛չ ապագայ, ո՛չ ընտանիք, ո՛չ ալ կեանք:

Լիզպոնի գործողութիւնը պարզապէս «տեռորիստական» աքթ մը չէր, այլ` սուրբ գործողութիւն մը, որ ամրացուց հայրենիքի ազատագրութեան զինեալ սուրբ պայքարի ճամբան: Շնորհիւ իրենց` մենք ունեցանք նոր առիթ  մը` ամրապնդելու մեր պատկանելիութիւնն ու ինքնութիւնը: Շնորհիւ  իրենց` մեր մէջ ծնաւ պայքարի նոր ոգի մը, որ այլեւս չի համաձայնիր մեր ցեղի գլխովին կորչելու մտքին հետ:

Սիրելի՛ տղաք. այսօր, զայրոյթն ու ամօթը,  միացած` սրբազան ինքնադժգոհութեան, կ՛այրեն մեզ: Այսօր կը դողանք կատաղութենէն: Կը դողանք զայրոյթէն, որ նոյնիսկ ձեր սուրբ անձնազոհութիւնն իսկ չկրցաւ խռովեցնել մեր մէկ մասին հոգեւոր մրափը:  Այո՛, Սիմոն, մենք դեռ ուրիշին խամաճիկներն ենք: Այո՛, Արա, մենք համոզուած ենք, որ առանց մեր հողերուն ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ ալ կեանք: Այո՛, Վաչէ, մենք ալ կ՛ուզենք տեսնել մեր ժողովուրդը խաղաղ ու հանգիստ իր հայրենիքին մէջ: Այո՛, Սեդրակ, մենք պիտի չխրտչինք, որքան ալ որ թուրքը զօրաւոր ըլլայ մեզմէ: Այո՛, Սարգիս, «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Մենք ալ կ՛ուզենք ձեզի միանալ եւ դառնալ խենթեր: Ձեր խօսքերը տակաւին այժմէական են: Ձեր գծած ճամբան յստակ է մեզի` հայ երիտասարդութեան: Ո՛չ, մենք պիտի չըլլանք այդ սերունդը, որմէ «բուռ մը հող չմնաց»: Կը վստահեցնեմ, որ մենք պատրաստ ենք շարունակելու ձեր ճամբան: Կը սպասենք այն հրահանգին, որ պիտի բանայ այդ երկաթէ դուռը, զոր արգելափակած է ձեր ճամբան անցնիլը: Մեր մէջ կ՛եռայ պայքարի ոգին, երբ լսենք ձեր անունները: Մեր մէջ կ՛արթննայ անբացատրելի ուժ մը, երբ այցելենք ձեր գերեզմանները: Այո՛, մենք ալ կ՛ուզենք ձեզի պէս ըլլալ: Մեզի այլեւս աւելորդ-պակաս խօսքեր կամ գրառումներ պէտք չեն: Գաւաթը յորդած է. նստած` կը դիտենք մեր հայրենիքի ոչնչացումը: Իջէ՛ք երկնքէն եւ հրամայեցէ՛ք. հրամայեցէ՛ք, որ շարունակենք ձեր գծած ճամբան, իջէ՛ք եւ խորտակեցէ՛ք այդ դուռը®

«Կեցցէ՛ ազատատենչ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Հայկական յեղափոխութիւնը»:

 

 

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Առօրեայէն

Յաջորդը

«Երիտասարդութիւնը Պէտք Է Գիտակցի, Որ Մեր Հարցերը Միայն Յարատեւ Պայքարով Կը Լուծուին» «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յովիկ Պերթիզլեան

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.