Անգլիոյ ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբը, որ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան «ԵՒՐՕ-2022» քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ մրցեցաւ Սպանիոյ դէմ, արձանագրելով 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Երեք կոլերէն երկուքը նշանակուեցան Բ. կիսախաղին:
Էսթեր Կոնզալես նշանակեց Սպանիոյ կոլը (54-րդ), իսկ Էլլան Թուն` Անգլիոյ հաւասարութեան կոլը (84-րդ):
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Ճորճիա Սթենուէյ նշանակեց Անգլիոյ յաղթանակի կոլը (96-րդ):
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Անգլիոյ մէջ:


