Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողին պատճառով այդ երկիրը կրնայ կորսնցնել պետական գերիշխանութեան մնացորդները եւ անհետանալ աշխարհի քարտէսէն: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
Անոր համաձայն, բազմաթիւ քաղաքական արկածախնդիրներ կը շահագործեն նախկին սահմաններուն վրայ Ուքրանիոյ պետականութեան վերականգնման նիւթը` զինուորական նոր պատուէրներու եւ դրամական հոսքերու յոյսով, որոնք կը տրամադրուին Քիեւի վարչակարգին:
Ան նշած է, որ ՕԹԱՆ-ը կը շարունակէ, հակառակ տրամաբանութեան եւ առողջ բանականութեան, մօտենալ Ռուսիոյ սահմաններուն` համաշխարհային տագնապի եւ մարդկութեան զգալի մասի կործանման իրական սպառնալիք ստեղծելով:
Ըստ Մետվետեւի, 2014 թուականի յեղաշրջումէն ետք Ուքրանիան կորսնցուցած է պետական անկախութիւնը եւ անցած հաւաքական Արեւմուտքի ուղղակի կառավարման տակ, ինչպէս նաեւ հաւատացած է, թէ ՕԹԱՆ-ը պիտի ապահովէ իր անվտանգութիւնը:


