Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Պարոն Փութինը, եթէ չեմ սխալիր, վերջերս խօսած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ինծի հետ զրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ ղեկավարը ըսաւ, որ ողջոյններ բերած է Ալիեւէն, որուն նախապէս պատմած էր ինծի հետ մօտալուտ հանդիպման մասին», ըսած է ան` անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան:
Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, ինք վերջերս զրուցած է Ազրպէյճանի նախագահին հետ:
«Իլհամ Ալիեւ զեկուցած է հոլովոյթներու դրական ուղղութեան մասին: Նախապէս, ինչպէս յայտնի է, տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու եռակողմ հանդիպումը: Այս հանդիպումը, ըստ Ալիեւի, նոյնպէս դրական անցած է: Իմ տեղեկութիւններովս` ամէն ինչ կ՛ընթանայ այնպէս, ինչպէս ծրագրած եմ: Շուտով այդ տարածքին մէջ պիտի բացուի նոր օդակայան», ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը:
Չաւուշօղլու. «Մենք Կ՛ուզենք Հայաստանէն Որոշակի Քայլեր Տեսնել»
Թուրքիան խաղաղութիւն կ՛ուզէ Հարաւային Կովկասի մէջ. Ղարաբաղի մէջ յաղթանակէն ետք Ազրպէյճանի առաջարկներն ու մեր դիրքորոշումը ակնյայտ են: «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Ան յիշեցուցած է, որ տարբեր ժամանակներու մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Մոսկուայի եւ Պրիւքսելի մէջ: Բացի ատկէ, ստեղծուած են սահմաններու սահմանազատման յանձնախումբեր, ներկայացուած է խաղաղութեան համաձայնագիրի առաջարկ:
«Թէ՛ Ազրպէյճանը, թէ՛ Թուրքիան այս հարցին մէջ անկեղծ են: Մենք կ՛ուզենք Հայաստանէն որոշակի քայլեր տեսնել: Մենք այս հոլովոյթը կը համակարգենք Ազրպէյճանի հետ, որովհետեւ մենք մէկ ազգ ենք, երկու պետութիւն», ընդգծած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:


