Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Օրակարգը Լրիւ Մոռցուած Կը Թուի` Մինչ Փոփոխութիւն Պահանջող Ցոյցերը Կը Վերադառնան Փողոց

July 22, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նշանակումով ընթացք առած ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որոնք կատարուեցան երեսփոխանական պլոքներուն հետ, եւ որոնց հիման վրայ Միքաթի կազմեց կառավարութեան իր առաջին պատկերացումն ու զայն ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին… այդպէս աւարտեցան:

Հետեւաբար հակառակ երկրին վկայած տնտեսական եւ ելեւմտական ահաւոր իրավիճակին, կառավարութեան կազմութեան օրակարգը լրիւ մոռցուած կը թուի:

Նախորդ 48 ժամերուն ընթացքին այս կամ այն շրջանին մէջ փողոցները փակելու արարքները երէկ քիչ մը յաւելեալ զօրութեամբ վերադարձան, երբ ցուցարարներ դարձեալ ուղղուեցան փողոց եւ վերսկսան փոփոխութեան իրենց պահանջը հրամցնել ժողովուրդին` ճամբաներու փակումով եւ անիւներու հրկիզումով, Թրիփոլիի, Սայտայի, Սաատնայէլի, Նապաթիէի եւ վարչապետարանին դիմաց:

Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Հայֆայի առաջնորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի թղթածրարը կը մնայ օրակարգի վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ այցելեց Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եղած են եւ պիտի մնան այդպէս:

Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ երկխօսութիւնն է, որ գրեթէ ամէն ինչի շուրջ համաձայնութիւններ կրնայ գոյացնել` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի զէնքին հարցը շրջանային է, եւ այս իմաստով յաւելաբանութիւնները կրնան յանգեցնել լարուած վիճակի:

Ան ցաւ յայտնեց, որ այսօր երկրին դատական իշխանութիւնները քաղաքականացուած են եւ կ՛ենթարկուին քաղաքական ու տեղեկատուական շանթաժի:

Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի հարցին անդրադառնալով` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի Հաժ եպիսկոպոսին` աւելցնելով, որ պէտք է տեսնել, թէ ո՞վ է այս հարցէն օգտուող կողմը:

Ան կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր հարցի պարագային փնտռելու այդ հարցէն շահեր ապահովող եւ անկէ տուժող կողմերը:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ հանրապետութեան նոր նախագահին համար Ռայի պատրիարքին սահմանած յատկանիշները անձամբ իրեն կը վերաբերի՞ն, Ֆրենժիէ ըսաւ. «Ռայի պատրիարքը ինծի հակառակը չէ ըսած: Անձամբ բաց եմ այլ կարծիքներու, չափաւոր եմ, հաւասարակշռուած, երկխօսութեան անձնաւորութիւն, սակայն ունիմ քաղաքական իմ կեցուածքներս»:

Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ իր յարաբերութեան` Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Պասիլի հետ ուղղակի յարաբերութիւն չկայ:

Ան ընդգծեց, որ ինք համաձայն է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը կազմելու:

Միւս կողմէ, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի այցելեց վարչապետ Միքաթիի` ներկայութեամբ Գերագոյն ատեանի նախագահ, դատաւոր Սուհել Ապպուտի եւ Ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի:

Խուրի յայտնեց, որ ինք Մուսա Հաժ եպիսկոպոսի թղթածրարին հետ կապուած ամբողջական թղթածրարը ունենալէ ետք պիտի այցելէ Ռայի պատրիարքին:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Ներկայացուց Իր Նիւթական Ունեցուածքը

Յաջորդը

«Ալիեւ Ինծի Տեղեկացուցած Է Հայաստանի Հետ Գործընթացներու Դրական Ուղղութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.