Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդը Իր Խոր Մտահոգութիւնը Արտայայտած Է Հայաստանի Մէջ 2020-էն Ետք Արձանագրուած Զարգացումներուն Վերաբերեալ

July 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-8 յուլիս 2022-ին ՄԱԿ-ի Ժընեւի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի նիստը: Շուրջ հարիւր երկիրներէ քաղաքական կուսակցութիւններ համախմբող մոլորակի խոշորագոյն այս կազմակերպութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը անդամակցած է տակաւին 1907-էն, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն է, որ մասնակցած է ինչպէս խորհուրդի, այնպէս ալ նախագահութեան եւ ելեւմուտքի ու կազմակերպական հարցերու յանձնախումբի նիստերուն:

Նախագահութեան եւ խորհուրդի նիստերուն ընթացքին Մարիօ Նալպանտեան միջազգային գործընկերներուն ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած անվտանգային միջավայրը, ազրպէյճանական կողմի յանցագործութիւններն ու շարունակական նախայարձակումը, Հայաստանին ռազմական ուժի սպառնալիքի տակ նոր զիջումներ պարտադրելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակն ու «Դիմադրութիւն» շարժման հիմնական նպատակները եւ ծրագիրները:

Խորհուրդի այս նիստը կը կրէր «Համաշխարհային մարտահրաւէրներուն մարդասիրական եւ կայուն լուծումներ գտնելու մեր յանձնառութիւնը» խորագիրը: Նիստի հիմնական աշխատանքները ծաւալած են հետեւեալ նիւթերուն շուրջ.

Ա.- Աշխատիլ յանուն խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան` հիմնուած մեր ընդհանուր նպատակներուն, սկզբունքներուն եւ կանոններուն վրայ:

Բ.- Ուժեղացնել ժողովրդավարութիւնն ու ապահովել հիմնարար իրաւունքները:

Գ.- Արձագանգել համաշխարհային ճգնաժամերուն` համաճարակ, կլիմայի փոփոխութիւն, տնտեսութիւն, գաղթականութիւն եւ փախստականներ:

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը ընդունած է յայտարարութիւն եւ առանձին շրջաններու մասին բանաձեւեր, որոնցմէ մէկուն մէջ էական անդրադարձ կատարած է Հարաւային Կովկասի շրջանին` արձանագրելով. «Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ, Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը կ՛արտայայտէ իր խոր մտահոգութիւնը 2020-ին յաջորդող ժամանակահատուածի զարգացումներուն վերաբերեալ, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններ ներխուժումներու եւ փոխհրաձգութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ ռազմագերիները եւ ձերբակալուած քաղաքացիական անձերու շարունակուող պահման առիթով»: Աւելի՛ն, խորհուրդը Հայաստանի իշխանութիւնները կը յորդորէ զերծ մնալ հակաժողովրդավարական գործելաոճէ, որ անոնք որդեգրած են յատկապէս 2020-ի պատերազմի պարտութենէն ետք` հետապնդելով «Դիմադրութիւն» շարժման եւ ընդհանրապէս ընդդիմադիր գործիչները, ճնշում գործադրելով իրաւական համակարգին վրայ` նպատակ ունենալով մեծցնել իրենց ազդեցութիւնը դատարաններուն վրայ եւ սահմանափակել բաց ու թափանցիկ հանրային հաշուետուողականութիւնը»:

Ընկերվար միջազգայնականը ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է, որ բոլոր ցամաքամասերէն կը ներառէ աւելի քան 110 երկիրներու շուրջ 130 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Թուրքիայէն Ժողովրդահանրապետական (CHP) եւ Ազրպէյճանէն Սոցիալ դեմոկրատական կուսակցութիւնները (SPDA) եւս լիիրաւ անդամ են:

Մոլորակի մեծագոյն այս կազմակերպութեան ՀՅ Դաշնակցութիւնը անդամակցած է 1907-ին: Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան կազմակերպութեան փոխնախագահ է: ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կիներու ընկերվար միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY): ՀՅԴ երիտասարդականին կողմէ Սարինէ Աբրահամեան IUSY-ի փոխնախագահն է:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

20 յուլիս 2022

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպան Նորա Արիսեանին Հետ

Յաջորդը

«Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններ. Պէտք Է Հայաստան-Սփիւռք Խորհրդակցութիւններ Բանալ» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.