Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով հինգշաբթի օր այցելած է Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուս դիւանագէտին ուղեկցած է Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու:
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Միխայիլ Պոչառնիքովի այցելութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին հետագային:


