Իտալական Ինթեր Միլանի հետ իր պայմանագրութիւնը խզած չիլիցի 35 տարեկան միջնապահ Արթուրօ Վիտալ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ տեղափոխուեցաւ պրազիլական Ֆլամենկօ:
Վիտալ եւ պրազիլական ակումբը կնքեցին մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը, որ պիտի գործէ մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2023:
Ակումբը յատուկ առիթի մը ընթացքին իր ֆութպոլիստը ներկայացուց խումբին համակիրներուն` անոր տրամադրելով` թիւ 32 մարզաշապիկը:
Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը չիլիական Քոլօ Քոլոյի հետ սկսած Վիտալ մաս կազմած է նաեւ Պայէր Լեւերքուզընի, Եուվենթուսի, Պայէրն Միւնիխի եւ Պարսելոնայի:
Իսկ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Վիտալ 133 մրցումի ընթացքին նշանակած է 32 կոլ:


