«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ երէկ քանի մը ժամուան այցելութեամբ հասած է Հայաստան: Այս մասին կը հաղորդեն «Սփութնիք Արմենիա»-ի աղբիւրները:
Ուիլիըմ Պըռնզը Երեւան հասած է երէկ առաւօտեան: Աղբիւրին տեղեկութիւններով` ամերիկեան հետախուզութեան ղեկավարին երեւանեան այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած եղած են բարձր մակարդակի հանդիպումներ:
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան լրատուական բաժինէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին երէկ յայտնած են, որ «այս պահուն» տեղեկութիւն չունին Պըռնզի երեւանեան այցելութեան վերաբերեալ:
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան լրատուական ծառայութենէն ալ յայտնած են, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավարին Հայաստան այցելելու մասին լուրը չեն մեկնաբաներ` փաստօրէն չհերքելով, որ Ուիլիըմ Պըռնզ կը գտնուի Երեւան:


