Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է 2023 թուականի պիւտճէական տարուան մէջ Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած յաւելեալ երեք հայամէտ լրացում: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
Մասնաւորաբար, ընդունուած է 611-րդ լրացումը, որով Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի անյապաղ ազատ արձակելու հայ պատերազմական գերիներն ու քաղաքայինները: Լրացման հեղինակը Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Էտըմ Շիֆն է:
Բացի ատկէ, ընդունուած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ճեքի Սփիըրի ներկայացուցած լրացումը, որով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղուի ներկայացնելու զեկուցում, որուն մէջ փաստաթղթաւորուած են Պայտընի վարչակազմին կողմէ «Ազատութեան աջակցման հռչակագիր»-ի 907-րդ լրացումը դարձեալ շրջանցելու պատճառները: Սփիըր լրացման մէջ նաեւ պահանջած է, որ ներկայացուելիք զեկուցումին մէջ տեղեկութիւն ըլլայ այն մասին, թէ արդեօք Ազրպէյճանին ցուցաբերուած ամերիկեան աջակցութիւնը չէ վնասած Արցախի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ տրուի գնահատական նոյեմբեր 2020-ի զինադադարէն մինչեւ օրս Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ յարձակողական ուժի կիրարկման կամ Հայաստանի գերիշխան տարածքի ոտնահարման վերաբերեալ:
Ներկայացուցիչներու տունը նաեւ ընդունած է Քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնի, Քրիս Փափասի եւ Կուս Պիլիրաքիսի լրացումը, որով կոչ կ՛ուղղուի սահմանափակելու ամերիկեան «ԷՖ-16» հալածիչներու եւ անոնց արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ:
Նշենք, որ որդեգրուած լրացումը կը բովանդակէ երաշխիքներ, թէ այդ օդանաւերը Յունաստանի օդային տարածքին դէմ ոտնձգութիւններու համար պիտի չօգտագործուին:
13 յուլիսին Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած էր Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած 121-րդ լրացումը, որով կը պահանջուի զեկուցում ներկայացնել Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ: 121-րդ լրացումը, մասնաւորաբար, արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ ներկայացնել զեկուցում, որուն մէջ մանրամասն կերպով նկարագրուած ըլլայ, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ օգտագործուած եղա՞ծ են ամերիկեան արտադրութեան մասեր: Բացի ատկէ, զեկուցումին մէջ պէտք է ներկայացուին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու եւ այլ արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման, պատերազմին մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ վարձկաններու ներգրաւման մասին տեղեկութիւններ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է Քոնկրեսի ղեկավարներուն, դաշնակից գործընկերներուն եւ կազմակերպութեան տասնեակ հազարւոր աջակիցներուն, որոնց շնորհիւ այս յաղթանակը կարելի դարձած է:
«Միասին աշխատելով` մենք կ՛օգնենք պաշտպանել Արցախը, յառաջ մղել Հայաստանը, պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը եւ դադրեցնել ամերիկեան զէնքի Թուրքիա հոսքը», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանը:








