ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Քառասուն օրեր առաջ այս նիւթական աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ գաղութի հայրենակցական կեանքին համ ու հոտ տուող անձնաւորութիւններէն մէկը` Գէորգ Նալպանտեան: Ան նախ եւ առաջ ծանօթ էր իբրեւ բեմի մարդ` զանազան թատերախումբերու ընդմէջէն ներկայացուած թատերախաղերու մէջ դերեր ստանձնելով: Եղած էր նաեւ խորապէս հաւատացեալ մարդ, այդ հաւատքը իրեն ժառանգ ձգուած էր իր ուրֆացի ծնողներէն, որոնցմէ սորված էր բարեգործութիւնը եւ աղքատին օգնութեան հասնիլը: Այդ հաւատքին հիման վրայ ալ ծառայեց եկեղեցւոյ, դարձաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ: Միութենական, եկեղեցական թէ թատերական-մշակութային մարզերուն մէջ, ո՛ւր ալ գտնուեցաւ, ծառայեց իր ամբողջ սրտովը, միշտ կենսուրախ, ժպիտը դէմքին, կատակը եւ զուարճալի խօսքը իրմէ անպակաս:
Բայց Գէորգ Նալպանտեանը մասնաւորաբար ծանօթ մնաց իբրեւ իր ուրֆացի պապերուն անցեալով հպարտացող անձ: Ես անձնապէս մասնաւոր կապ չեմ ունեցած հանգուցեալին հետ: Բայց իբրեւ մամուլի աշխատող` 2016 թուականին առիթ ունեցայ հետը բաւական արդիւնաւէտ գործակցութիւն մը ունենալու: Այդ թուականին Ուրֆայի հայրենակցական միութեան պատասխանատուները կապ հաստատած էին թերթին խմբագրութեան հետ եւ` խնդրած, որ էջի մը սահմաններուն մէջ Ուրֆայի դիւցազնական հերոսամարտին 101-ամեակին առիթով անդրադարձ կատարուի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան այն ժամանակուան գործունէութեան եւ ծրագիրներուն, Ուրֆայի պատմութեան, բանահիւսութեան, աւանդութիւններուն եւ այլն: Խմբագրութիւնը բնականաբար ընդառաջեց այս առաջարկին. անձամբ ես ստանձնեցի օրաթերթի այդ մէկ էջին պատրաստութեան աշխատանքը: Հայրենակցական միութեան գործունէութեան, պատմութեան, իրագործած եւ իրագործելիք ծրագիրներուն մասին մեզի տեղեկութիւններ ներկայացնել յանձնարարուած էր հայրենակցական միութեան նախկին բազմավաստակ վարչական եւ ատենապետ Գէորգ Նալպանտեանին:
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ Գէորգ Նալպանտեանին հետ ունեցած այդ հանդիպումս տակաւին բարի յիշատակներ կ՛արթնցնէ մէջս: Բաւական լայն տեղեկութիւններ հաղորդեց Պէյրութի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան պատմութեան եւ գործունէութեան մասին` սկսելով 1923-ին հայրենակցական միութեան տան հիմնադրութենէն մինչեւ մեր օրերը, անցնելով միութեան ջանքերով կոթողային «Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիներ» հատորին հրատարակումը եւ աշխարհասփիւռ ուրֆացի հայորդիներու առաջին մարդահամարը: Խօսեցաւ նաեւ միութեան ամէնէն կենսական ծրագիրներէն մէկուն` քանի՞ սանի կրթաթոշակ տրամադրելու ծրագիրին մասին եւ այլն: Ոգիով խօսեցաւ այս բոլորին մասին: Ինք, որ վարչութեան մէջ «նախկին» ըլլալով հանդերձ, տակաւին ինքզինք առնչուած կը զգար միութեան ընդհանուր գործունէութեան:
Գէորգ Նալպանտեանը երկարատեւ վաստակ ունեցած է Լիբանանի Ուրֆայի հայրենակցական միութեան կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ` 1978-ին մաս կազմելով միութեան երիտասարդական կազմին: Ան Ուրֆայի հայրենակցական միութեան մէջ եղած է աշխուժ եւ գործունեայ վարչական անդամներէն մէկը` ստանձնելով հաշուապահի, գանձապահի, ատենադպիրի, փոխատենապետի եւ, վերջապէս, ատենապետի պաշտօնները: Եւ բնական էր, որ շուրջ 40 տարուան վարչական անխոնջ աշխատանքէ ետք Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը Գէորգ Նալպանտեանը գնահատեց միութեան ոսկեայ մետալով եւ յուշանուէրով:
Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութեան մէջ իր երկարատեւ եւ վաստակաշատ գործունէութենէն բացի` Գէորգ Նալպանտեան յայտնի էր իբրեւ լաւ գիտակներէն մէկը Ուրֆայի հայկական իւրայատուկ բարբառին: Իր սեփական ջանքերով սորված ու տիրապետած էր ուրֆացի իր պապերու բարբառին նրբութիւններուն: Բացառիկ ջատագով մըն էր այդ բարբառին, սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն պահպանման: Այս բոլոր խօսքերուն ցայտուն ապացոյցը Ուրֆայի բարբառով իր բազմաթիւ գրառումներն են Դիմատետրի ընկերային ցանցին վրայ` ցաւակցական խօսք մը հայրենակիցի մը մահուան առիթով, բարբառով ասացուածք մը` գծանկարով մը ընկերակցած եւ այլն:
Վերը նշած էինք` հաւատքի մարդ: Յիշատակելի է Գէորգ Նալպանտեանի մահէն քանի մը ամիս առաջ միայն իր դիմատետրեան էջին վրայ իր իսկ կողմէ գրուած պատմուածքը, որ չես կրնար կարդալ առանց յուզուելու: Այդ գրուածքին մէջ, որ համեմուած էր Ուրֆայի բարբառի դարձուածքներով, Գէորգ Նալպանտեան կը պատմէ, թէ ինչպիսի՛ չարքաշ եւ զոհողութիւններով լեցուն կեանք մը ապրած է իր հայրը, ինչպէ՛ս ապրեցուցած է զինք եւ իր ընտանիքին միւս անդամները եւ, վերջապէս, ինչպէ՛ս օտարութեան մէջ իր հարազատները փնտռելու ճամբուն վրայ անորոշ պայմաններու մէջ մահացած է: Ահա այս ոչ ուրախ մանկութիւն մը ապրած մարդը հետագային դարձաւ երգիծանք ու ժպիտ տարածող բեմի մարդը, իւրայատուկ հիւմըրով օժտուած Գէորգ Նալպանտեանը:
Էղբեր Գէորգ, չէինք կրնար երեւակայել, որ օր մը մենք, փոխարէնդ, այս անգամ քեզի համար, քու այդքան սիրած եւ գուրգուրացած բարբառովդ պիտի գրենք` «Աստուծ օղորմի հոգուդ, լօսի մէջ պիէ»:


