ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Երազ, թէ իրօք. այդ միթէ մի՞ն չէ,
Երազն էլ երբ որ կարող է կանչել,
Կարող է յուզել, խընդացնել, տանջել…
Կեանքը երազ է, երազն էլ մի կեանք,
Երկուսն էլ անցուոր, երկուսն էլ պատրանք…»
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Մարդը բնածին կարողութեամբ իր տպաւորուած տիպարով պատանեկան երազանք մը կը հիւսէ եւ մանկութենէն կը ցանկայ դառնալ փայլուն արուեստագէտ (քանդակագործ, ջութակահար, դերասան…), հմուտ արհեստաւոր բժիշկ, ուսուցիչ, օդաչու…, գիրի ու գրականութեան վարպետ, իմա` բանաստեղծ, եւ այսպէս անվերջանալի շարքը կարելի է թուարկել: Սակայն ի մտի պէտք է ունենալ, որ այս երազանքը ունեցող պատանին անպայման իր մանկութեան օրերուն հանդիպած, լսած կամ կարդացած է իր կեանքին մէջ իտէալ նկատուող տիպարի մասին: Երազանք բառը թէեւ երազ արմատով կազմուած է, բայց նոյնինքն մեր իղձերը, տենչանքները եւ անուրջներն են: Ասոնք անհատը կերտելու անհրաժեշտ ազդակներ են: Այսուհանդերձ ասոր վրայ կու գայ աւելնալու ազգային, միութենական եւ եկեղեցական ծառայութեան դափնին, որ աւելի կ՛իմաստաւորէ մարդուն հաշուըւած կեանքի օրերը եւ անիկա իբրեւ անուշաբոյր ծաղիկ կ՛ընծայուի ժողովուրդին` հայ ածուին:
Հետաքրքրական է մտածել կեանքի իրականութեան մէջ, որ մենք զմեզ կերտելէ ետք, ըլլա՛յ մեր մասնագիտութեան, ըլլա՛յ մեր ծառայութեան մէջ, ի՞նչ կը փնտռենք` բարիի՞ն, թէ՞ չարին հետամուտ ըլլալու գործեր: Իրաւամբ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանը «Եթէ հարցնեն» բանաստեղծութեան մէջ իր անձը բնորոշող պատասխաններ ունի. եթէ իր մահէն ետք հարցնեն, թէ իր ապրած տարիներուն աշխարհի անթիւ գանձերէն բանաստեղծը ի՞նչ կը փնտռէր, «Ըսէք` դարձաւ բանաստեղծ եւ ամէնուր որոնեց բարին»:
Այս նախաբանը եւ գաղափարները ամբողջ էութիւնս պարուրեցին, երբ ուզեցի բնորոշել անսակարկ ծառայող, բազմավաստակ դերասան, բեմի նուիրեալ, Ուրֆայի արմատներով տոգորուած միութենական, համեստ հայորդի Գէորգ Նալպանտեանը, որուն հարուստ ծառայական կեանքին թելը վաղահասօրէն ընդհատուեցաւ եւ դարձաւ յաւերժի ճամբորդ` իր անունը արձանագրելով լիբանանահայ գաղութի նուիրեալներու փաղանգի մատեանին մէջ:
Ո՞վ չի ճանչնար ժպտերես, կատակասէր, մարդասէր, ծառայասէր, թատերասէր Գէորգը, որուն քառասնօրեայ բաժանումը երկրային այս կեանքէն պատրանք կը թուի ըլլալ:
Ան ծնած է 17 հոկտեմբեր 1955-ին, Լիբանան: Յակոբ եւ Ռոզա Նալպանտեան ամոլին հինգ անդամ հաշուող ընտանիքին կրտսերն էր: Ան յաճախած է Այնճարի Հայ աւետարանական քոլեճի գիշերօթիկ բաժինը, ապա մէկ տարի յաճախած է համալսարան, յետոյ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ընդհատուած է ուսումը: Այնուհետեւ մասնագիտացած եւ վկայուած է իբրեւ հաշուապահ Փոլիկլոթ թեքնիք դպրոցէն: Հուսկ, նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ տարիներով իբրեւ հաշուապահ եւ գանձապահ աշխատած է Նուպար Վարդանեանի մօտ:
25 դեկտեմբեր 1988-ին ամուսնացած է Էմմա Գիզիրեանին հետ, կազմած` հայկական տաքուկ բոյն մը, եւ զոյգը ազգին պարգեւած է չորս սիրասուն դուստրեր` Անահիտ, Սարին, Թամար եւ Ռոզալին:
Գէորգը իր ունեցած բնածին թատերական կարողութիւնները ի սպաս դրած է հայ թատրոնին ճամբով հայ մշակոյթին: Ան 1975-էն սկսեալ Զոհրապ Եագուպեանի «Փորձառական թատրոն»-ի, Արա Արծրունիի, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան», «Թէաթրոն» թատերախումբերուն մէջ անդադրում եւ անմնացորդ իր ներդրումը ունեցաւ հայ բեմին: Ան իր մարմնաւորած դերերը իւրովի կ՛արտացոլացնէր եւ իր բովանդակ էութեամբ հանդիսատեսին կը փոխանցէր զանազան պատգամներ` ընտանեկան սրբութեանց, նոյնիսկ անհամերաշխութեան, իրարու միջեւ թշնամանքի, վրէժի, մարդ անհատի առաքինի վարուելակերպի եւ առհասարակ կեանքի մասին` երբեմն ծիծաղի, երբեմն յուզական պատկերաւոր ներկայացումով մատնացոյց ընելով յոռի երեւոյթները: Թատրոնի հանդէպ իր անյագ սէրը արտայայտեց, երբ անգամ մը միասին զրուցեցինք, ան կը շտապէր փորձի երթալ «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, ան ըսաւ, թէ` «Ինչ որ կ՛ընենք, հայ թատրոնը միշտ բարձր պատուանդանի վրայ պահելու համար է»: Ան չբաւարարուեցաւ լոկ թատերախումբի անդամ ըլլալով, այլ իբրեւ վարչական անդամ` իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ հայ թատրոնի վերելքին:
Գէորգ Նալպանտեանի կեանքի առիւծի բաժինը վերապահուած էր դիւցազուն Ուրֆայի հայրենակցական միութեան ժրաջան աշխատանքին: Աւելի քան քառասուն տարի միութեան երիտասարդական բաժնի մէջ, ապա վարչութեան խորհրդական, ատենադպիր եւ, հուսկ, ատենապետ տարաւ նուիրեալ ծառայութիւն` ոսկիէ տառերով արձանագրելով իր անունը միութեան յուշամատեանին մէջ: Ան իբրեւ սեղանապետ (թամատա)` ճոխացուց միութեան բոլոր հասութաբեր ձեռնարկ – ճաշկերոյթները` միշտ համեմելով իր խօսքերը Ուրֆայի բարբառով: Անշուշտ ռահվիրայ, հմուտ եւ բանիմաց դառնալով Ուրֆայի բարբառին` ան Դիմատետրի եւ հեռաձայնի ճամբով Ուրֆայի բարբառով ասացուածքներ եւ խօսքեր կը տեղադրէր` վառ պահելով Ուրֆան եւ անոր մշակոյթը:
Գէորգը իր ծառայութեան դաշտը ընդարձակեց նաեւ ազգային եւ եկեղեցական մարզերու մէջ: Ան հաւատաց հայ դպրոցի առաքելութեան: Տարիներ անդամակցեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին եւ հայ դպրոցի վերելքին հետամուտ եղաւ` իր նպաստը բերելով նաեւ ազգապահպանման գործին:
Հուսկ, Գէորգ Նալպանտեան ներգրաւուած կը տեսնենք եկեղեցական կեանքին մէջ: Ան տարիներ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի նախ անդամ, ապա ատենապետ` իր ծառայական լուման ներդրեց հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան: Ան նուիրուածութեամբ կատարեց նաեւ այդ պաշտօնը:
Արդարեւ, Գէորգին ունեցած բազում արժանիքները, ինչպէս` համեստութիւն, սէր ամէնուրեք, ազգին նուիրեալ ծառայութիւն, ընտանիքի տիպար ամուսին եւ հոգատար հայր, զինք սիրելի եւ փնտռուած անձնաւորութիւն մը դարձուցին: Իր անակնկալ ու կարճատեւ անհանգստութիւնը խլեց մեզմէ արժանաւոր հայորդի մը, որուն տակաւին շատ պէտք ունէինք բոլորս:
Գէորգին հարուստ եւ խօսուն կեանքը թող վարակեն մեզ` բոլորս, ամէն անգամ երբ վերյիշենք զինք, երբ թերթատենք իր կեանքի էջերը:
Ես ալ իմ կարգիս թէեւ ուրֆացի չեմ, բայց դէպի անդենական ուղեւորութեանդ Ուրֆայի բարբառով պիտի ցաւակցիմ քու սիրասուն ընտանիքիդ, ուրֆացի ընկերներուդ, թատրոնի գործակիցներուդ եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտանիքիդ ու պիտի ըսեմ. «Սիրելի եւ անմոռանալի Գէորգ, Աստուծ օղորմի հոգուդ, խունկ ու մոմ հոգուդ, Աստուծ լօսի մէջ պիէ քզիկ, յիշատակդ անթառամ պըտ մնայ ինչըս քըզնէդ առաջ նուիրեալ էղբէրներուն յիշատակը, խողը թեթեւ ըննայ վրէդ»:


