Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զելենսքին Իր Երկրին Դէմ Կը Պատերազմի» Կ՛ըսէ Զախարովա

July 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին Ուքրանիոյ ժողովուրդին դէմ կը պատերազմի: Այս մասին «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանէն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ան այս ձեւով մեկնաբանած է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ Տոնպասի, ինչպէս նաեւ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերու խաղաղ բնակիչներու գնդակոծութիւնները:

«Ասիկա թշնամիի դէմ պատերազմ չէ, Ռուսիոյ դէմ պայքար չէ, այլ սեփական երկիրի հետ կռիւ է: Եթէ մինչեւ հիմա Քիեւի վարչակարգը քաղաքականապէս կ՛ոչնչացնէր Ուքրանիան, ֆիզիքապէս կ՛ոչնչացնէր Տոնպասի ժողովուրդը, ապա այսօր մարդոց ոչնչացումը տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքին մէջ», ըսած է Զախարովա` շեշտելով, որ Վոլոտիմիր Զելենսքի կը գործէ մեկնելով շահերէն այն ուժերուն, որոնք Ուքրանիոյ հետ որեւէ կապ չունին:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Զելենսքի դիտումնաւոր կերպով շրջանառութեան մէջ կը դնէ ազգութեան նիւթը:

«Դուք հաւանաբար ուշադրութիւն դարձուցած էք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ռուսիոյ մէջ Զելենսքիի նկատմամբ այլատեացական քաղաքականութիւն վարելու վերաբերեալ բացարձակապէս անընդունելի յայտարարութիւնը: Նախ եւ առաջ ատիկա սուտ է: Եւ պիտի ուզէի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գաղափարախօսներուն յիշեցնել, որ Զելենսքիի ազգութեան նիւթը մենք չենք սկսած շրջանառութեան մէջ դնել, ատիկա բացարձակապէս մեզ չի հետաքրքրեր: Զելենսքիի ազգութեան նիւթը սկսած է տարածել անձամբ ինք`  ատիկա դիտումնաւոր կերպով ընելով եւ իր ազգութիւնը կապելով Ուքրանիոյ տարածքին մէջ այլատեացութեան եւ նոր նացիականութեան դրսեւորումներու յայտնուելուն կամ գոյութիւն ունենալու ենթադրեալ անկարելիութեան հետ, որովհետեւ մարդու մը մօտ ազգութեան գոյութիւնը չի կրնար բացառել պետութեան տարածքին մէջ խնդիրներու գոյութիւնը», նշած է Զախարովա` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներ եւս պէտք է դադրին շահարկել այդ նիւթը:

«Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրին ազգութեան ու ազգութիւններու նիւթի իր շահարկումները` Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան ծիրին մէջ», աւելցուցած է Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յոյսով Է, Որ Քոնկրեսը Մինչեւ Օգոստոս Պիտի Վաւերացնէ ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման Արձանագրութիւնները

Յաջորդը

Պայտըն Հասաւ Թել Աւիւ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.