Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի 26-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Իւրայատուկ Փորձառութիւն Կ՛ապրին Հայրենիքի Մէջ

July 14, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով աշխարհին մէջ ստեղծուած սահմանափակումներուն եւ անբնական կացութեան պատճառով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աւանդութեան վերածուած նախաձեռնութիւններէն` Համազգայինի ուսանողական հաւաքը տարի մը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ, բայց այս տարի անիկա վերադարձաւ իր աւանդական ձեւին: Արդարեւ, 8 յուլիս 2022-ին ընթացք առաւ եւ խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը շարունակուի ուսանողական 26-րդ հաւաքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներ:

Այս հաւաքներուն նպատակն է հայրենիքը աւելի մօտէն ծանօթացնել հայ ուսանողներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնել ազգային ժառանգութիւններուն ու մշակոյթին, առիթ տալ համախմբուելու եւ միասնաբար պեղելու հայրենիքի գաղտնիքները:

Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն:

Ֆորումին երկրորդ օրը սկիզբ առաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելութեամբ: Մասնակիցները ծանօթացան մեր հայրենիքին հարուստ պատմութեան եւ ինքնատիպ մշակոյթին, որմէ ետք խումբը այցելեց Եղիշէ Չարենցի կամար: Ինչպէս Չարենց կը սիրէր այս վայրի ցնցող տեսարանը, Ֆորումականներն ալ պահ մը վայելեցին դէպի Արարատի գիրկը բացուող յիշարժան տեսարանն ու բոյրը:

Կէսօրին մասնակիցները առիթը ունեցան տեսնելու մեր միակ հեթանոսական տաճարը Գառնիի մէջ: Մասնակիցները առիթը ունեցան տեսնելու նաեւ Գառնիի «Քարերու սիմֆոնիա»-ի արտակարգ գեղեցկութիւնը, ապա ուղղուեցան դէպի Գեղարդ: Գեղարդի բնութեան աղօթքով ու օրհնութեամբ մասնակիցները վերադարձան մայրաքաղաք:

10 յուլիսին Հայաստան, Արցախ ու սփիւռք միասնական ուժով ու հաւատքով ֆորումականները իրենց պարտքը կատարեցին եւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ ու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան: Ապա խումբը այցելեց արցախեան պայքարի հերոսներու պանթէոնը` Եռաբլուր: Ֆորումականներու յուզուած աչքերն ու ծաղիկները թրջեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներէն, նախկին ֆորումական Արտակ Իշխանեանի սուրբ հողը:

13 յուլիսին ֆորումականները առաւօտեան այցելեցին Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին` Ծաղկաձոր: Բնութեան զուլալ օդն ու կանաչազարդ լեռները վայելելով` ճոպանուղիին վրայ, անոնց հոգիները յագեցան հայրենիքի բնութեան ջերմութեամբ:

Ապա ուսանողները այցելեցին «Տիրամայր Հայաստանի» ճամբարը, ուր փոքրիկներուն հետ կէսօրեայ յայտագիր մը ունեցան, որ կ՛ընդգրկէր ճաշ եւ զանազան մարզական ու երաժշտական խաղեր: Իւրաքանչիւր երեխայի սէրն ու ժպիտը  ֆորումականներուն սիրտն ու հոգին կը լեցնէին: Անոնք միասնաբար ուրախ եւ օգտաշատ ժամեր անցուցին:

Երեկոյեան ուսանողները առիթը ունեցան սորվելու հայկական ազգագրական պարեր, աւելի մօտէն ծանօթացան պարարուեստի գաղտնիքներուն` «Արէնի տենս սթիւտիօ»-ին մէջ, ուր անոնց ուսուցուեցաւ հայկական քոչարին ու թամզարան:

Երեկոյեան ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին: Զրուցավարն էր պատմաբան Վարագ Գեթցեմանեան: Միտքերու փոթորկումի պահեր ապրեցան երիտասարդները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այս հարցին վերաբերող տարբեր մօտեցում եւ ընկալում ունի, յատկապէս` մեկնելով այն իրողութենէն, որ իւրաքանչիւրը կու գայ տարբեր երկրէ, տարբեր միջավայրէ: Ծաւալեցաւ հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը, որ մտածելու, անձնական փորձառութիւններու մասին արտայայտուելու, ապրումներ փոխանակելու առիթ եղաւ:

Ֆորումի 11 օրերու ընթացքին հայ ուսանողները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու հայ մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, լսելու պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ, քննարկելու հայ ժամանակակից երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ հարցեր:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Ազդակ» Առցանց 51-րդ Լսարան. Յակոբ Ասատրեան. «Չեխահայ Համայնքը Իւրայատուկ Տեղ Ունի Եւրոպայի Հայ Համայնքներուն Մէջ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.