Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Բոլոր Քաղաքացիները Ցանկութեան Պարագային Կրնան Ռուսիոյ Անձնագիր Ստանալ. Քիեւ Կը Դատապարտէ

July 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա դատապարտած է ուքրանացիներուն դիւրացուած տարբերակով Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն տրամադրելու մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Քուլեպայի ուղերձին մէջ մասնաւորաբար նշուած է, որ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ռուսական անձնագիրներու տրամադրումը իրաւաբանօրէն առ ոչինչ է, եւ այդ գործելաոճի` Ուքրանիոյ բոլոր քաղաքացիներուն վրայ տարածումը «երկիրը գրաւելու ընթացքի շարունակութիւնն է»:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը արեւմտեան գործընկերներուն կոչ ուղղած է` Ուքրանիոյ աւելի ծանր զէնք տրամադրելու եւ Ռուսիոյ դէմ նոր տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատելու:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկուշաբթի, 11 յուլիսին դիւրացուցած էր Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն համար Ռուսիոյ քաղաքացիութեան ձեռքբերումը: Նախապէս դիւրացուած ընթացակարգը կը գործէր Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու եւ մասամբ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերու բնակիչներուն համար: Նոր ձեւակերպումով փաստաթուղթը կը նախատեսէ, որ Ուքրանիոյ բոլոր քաղաքացիները, Ռուսիոյ կողմէ ճանչցուած հանրապետութիւններու քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ մնայուն բնակող քաղաքացիները, սակայն քաղաքացիութիւն չունեցող անձեր կրնան դիւրացուած ձեւով Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ստանալ:

Նշենք, որ ռուսական ուժերը այսօրուան դրութեամբ ամբողջութեամբ կամ գրեթէ ամբողջութեամբ գրաւած են Լուկանսքի, Տոնեցքի, Խերսոնի եւ Զափորոժիէի մարզերը, ինչպէս նաեւ Խարքովի եւ Նիքոլայեւի մարզերէն տարածքներ:

Ռուսական զօրքերուն կողմէ գրաւուած տարածքներուն մէջ ձեւաւորուած են Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող վարչակազմեր, որոնց ղեկավարները յայտարարած են, թէ Խերսոնի եւ Զափորոժիէի շրջանները պէտք է ըլլան Ռուսիոյ կազմին մէջ: Արդէն ընթացքի մէջ են Ուքրանիոյ օրէնսդրութեամբ չնախատեսուած շրջանային հանրաքուէներու նախապատրաստական աշխատանքները:

 

Նախորդը

Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանն Ու Էրտողան Քննարկած Են Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններն Ու Զանոնք Ամրապնդելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Նոր Վարչապետի Ընտրութեան Առաջին Քուէարկութիւնը Այսօր. Անունը Կը Յստականայ 5 Սեպտեմբերին

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.