Գերմանիոյ Պունտըսթակը ճանչցած է 2014 թուականին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Սինճարի եզիտիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Ռուտաու»-ը:
Բանաձեւը նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ` «աշխատանք տանելու եզիտի ժողովուրդի տառապանքը թեթեւցնելու ուղղութեամբ»: