ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1833 վարակուածներ եւ մահացած է մէկ պարագայ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքն է 29.400 լ. ոսկի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղասսան Աշքար ոչ եւս է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին Լիբանան պիտի հասնի 40 հազար թոն ալիւր, որպէսզի երկիրը հանդարտ ամառ մը անցընէ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ իրենք պահանջած են սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակել անոնց երկրին մէջ, սակայն մերժուած են, որովհետեւ օժանդակ երկիրները չեն փափաքիր ատիկա կատարել:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիներն ու իսլամները: Ան յոյս յայտնեց, որ Աստուած կը հասնի Լիբանանի ժողովուրդին օժանդակութեան` մաղթելով, որ երկրին քանդումն ու փլուզումը վերջ գտնէ եւ ան դուրս գայ տագնապներէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն պէտք է աշխատի ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան` փրկելու համար լիբանանցիները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը պահանջէ իսկական եւ ամբողջական կառավարութիւն մը, որ երկրին ներքին եւ արտաքին պատկերը կրնայ ամբողջացնել, ինչպէս նաեւ ճակատագրական որոշումներ տալ:
«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, Լիբանան Ինթըրփոլ միջազգային կազմակերպութեան եւ Մաքսատուներու համաշխարհային կազմակերպութեան իր զոյգ անդամակցութիւնը կորսնցուցած է` նիւթական իր պարտաւորութիւնները չկատարելուն համար:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը երէկ Նապաթիէի փուռերը անակնկալ այցելութիւն մը կատարեցին` ստուգելու համար, թէ արաբական հացը պետութեան ճշդած պաշտօնական սակով կը վաճառուի՞, թէ՞ ոչ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կը յայտարարէ, թէ լիբանանցի քաղաքացիները կրնան Լիբանանէն ուղղակի Սէուտական Արաբիա մեկնիլ` առանց 14 օր Լիբանանէն դուրս մնալու:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Ճես Ինիասիօ Սանթոս Ակուատոն` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Խոսէ Ալֆարոյի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան վերաբերող հարցեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իյըն Քոլարտ իր պաշտօնավարութիւնը աւարտելու առիթով գրած հրաժեշտի նամակին մէջ կը շեշտէ. «Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն լուծման բանալին բարեկարգումն է»:


